Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Փինոթթի Կը Վերահաստատէ Լիբանանեան Բանակին Հանդէպ Իտալիոյ Զօրակցութիւնը

May 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ ընդունեց Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Փինոթթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեան նպատակով տեղի ունեցած «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին արդիւնքները:

Փինոթթիի Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակի զետեղումով:

Ապա Եարզէի մէջ ան ընդունուեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին կողմէ, որուն հետ հանդիպման ընթացքին շեշտեց երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիրներուն գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանան կը ջանայ բարելաւել իր ծովուժը` դրուատելով լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Սարրաֆ ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անկողմնակալութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` մեծապէս գնահատելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մատուցած բարգաւաճման ծրագիրներն ու օժանդակութիւնները:

Սարրաֆ ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան պատրաստ չէ իր իրաւունքներէն եւ հարստութիւններէն զիջելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուուղ նաւթին:

Սարրաֆ անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` նշելով, որ այդ տագնապին արմատական լուծում մը պէտք է գտնուի, եւ ամէնէն արագ միջոցին տեղահանուած սուրիացիներուն տունդարձը պէտք է երաշխաւորուի դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը, բան մը, որ իր լաւ անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ բնակեցումը` իր բոլոր տարբերակներով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Փինոթթիին` Իտալիոյ մնայուն օժանդակութեան եւ զօրակցութեան համար:

Իր կարգին, Փինոթթի ընդգծեց, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր օժանդակութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ գործակցութիւնը կ՛ամրապնդուի:

Փինոթթի դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս սահմանային անդորրը պահպանելու իմաստով:

Ան ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող իտալական ջոկատի եւ լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակը:

Նշենք, որ Փինոթթի երէկ ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրամասը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի:

Այցելութեան ընթացքին Փինոթթի դրուատեց իտալական ջոկատին նուաճումները` գնահատելով իտալացի զինուորներուն համարկումը հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան պահպանումին համար անոնց ի գործ դրած ջանքերը:

Նախորդը

Էրտողան Տուն Կանչած Է Թել Աւիւի Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

Ռուհանի. «Լիբանանի Նկատմամբ Մեր Զօրակցութիւնը Պիտի Շարունակենք` Կառավարական Եւ Ժողովրդային Մակարդակներու Վրայ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.