Պոլսոյ մէջ վերսկսած են Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական լսումները: Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ առանձնակի ծանր յանցագործութիւններու թիւ 14 դատարանին մէջ երկուշաբթի օր դատաւորի եւ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Պահրի Պելենի հարցումներուն պատասխանած է Պոլսոյ կիսազինուորական ոստիկանութեան հետախուզական բաժանմունքի նախկին պաշտօնեաներէն Շերեֆ Աթեշը:
Տինքի սպանութեան գործով մեղադրեալներու աթոռին յայտնուած հետախուզութեան շարք մը նախկին պաշտօնեաներ կը մեղադրուին Տինքի սպանութեան նախապատրաստման մասին տեղեկութիւնները դիտումնաւոր թաքցնելու եւ սպանութիւնը չկանխարգիլելու յանցանքով:
Աթեշ դատարանին մէջ յայտարարած է, որ լաւ չի յիշեր Տինքի սպանութեան օրը տեղի ունեցածը, որովհետեւ բաւական ժամանակ անցած է:
Նախապէս ան երկու անգամ փոխած էր իր խօսքը` նախ նշելով, որ Տինքի մասին լսած է Հետախուզական կոմիտէի նախկին պաշտօնեաներէն Օքան Շիմշեքի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ, աւելի ուշ պնդած էր, որ Շիմշեքի հետ չէ զրուցած, եւ Տինքի սպանութեան մասին տեղեկացած է պատկերասփիւռէն:
Աթեշ այս անգամ դարձեալ պնդած է, որ Տինքի սպանութեան մասին իրեն յայտնած է Շիմշեք:
«Կը մոռնամ, որոշ բաներ շատ լաւ չեմ յիշեր: Հանգստեան կոչուելէս ետք ձերբակալուեցանք: Ձերբակալուեցանք` չգիտնալով, թէ ինչը ինչ է: Յետոյ տեսանք գործը լուրջ է: Այդ ժամանակ նոյնիսկ չէի յիշած, որ Պաքըրքէօյի մէջ աշխատած եմ: Վերջին վկայութիւնս ճիշդ է… Դէպքէն ետք երկար ժամանակ անցած է… Տինքի սպանութեան մասին լսած եմ դէպքի օրը` ժամը 16:00-ին, հեռաձայնած էր Օքան Շիմշեքը: «Ակօս» թերթի եւ Տինքի անունը այդ օր առաջին անգամ լսեցի: 10 տարի ետք եկած էք դիմացս կանգնած, կը հարցնէք, թէ այդ օր ի՛նչ ըրած եմ», ըսած է Աթեշ:
Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին:



