Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցածը Իսկական Կոտորած Է, Եւ Մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

May 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անիծած է Իսրայէլը` Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներու գործողութիւններուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք»-ը:

«Կ՛անիծեմ Իսրայէլի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը: Ատիկա իսկական կոտորած է: Ատոր մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն են, որոնք քայլեր կը ձեռնարկեն` առաջնորդուելով ամբողջ աշխարհի դէմ երթալու իրենց հասկացողութեամբ: Միացեալ Նահանգներ անօրինական կերպով իրենց դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխած են, ատիկա վնասած է ինքնին աշխարհի վրայ Միացեալ Նահանգներու հեղինակութեան», յայտարարած է թրքական դիւանագիտութեան պետը` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով դատապարտելու Միացեալ Նահանգներու քայլերը:

«Մենք գիտենք, որ Եւրոպական Միութիւնն ալ այս հարցին մէջ մեզի համակարծիք է: Սակայն միայն մտածելը բաւարար չէ, պէտք է քայլերու ձեռնարկուին», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին նշեց. «Իսլամական երկիրները պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները»:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները երէկ որոշեցին վտարել Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը եւ զայն նկատել անբաղձալի անձ մը: Իսրայէլ հակադարձելով թրքական քայլին վտարեց Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անդրադառնալով մէկ օր առաջ Կազայի մէջ բախումներու մասին Էրտողանի` Իսրայէլը ահաբեկչական պետութիւն կոչելուն, իսկ պաղեստինցիներուն նկատմամբ վերաբերմունքը ցեղասպանութիւն որակելուն, ըսաւ. «Էրտողան Համասի մեծագոյն կողմնակիցներէն է եւ, անկասկած, կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ահաբեկչութիւն եւ սպանդ: Խորհուրդ կու տամ Էրտողանին` մեզի բարոյականութիւն չսորվեցնել»:

Էրտողան հակադարձելով ըսաւ. «Իսրայէլ ցեղապաշտ պետութիւն է, եւ Նեթանիահուի ձեռքերը ներկուած են պաղեստինցիներու արիւնով»:

«Նեթանիահուն չի կրնար ատիկա թաքցնել Թուրքիոյ դէմ յարձակում գործելով», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Տինքի Սպանութիւն Գործող Մեղադրեալը Պնդած Է, Որ 10 Տարի Ետք Այլեւս Չի Յիշեր, Թէ Այդ Օր Ի՛նչ Ըրած Է

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէան Սկսած Է Փհունկերիի Հիւլէական Զինափորձարանի Կազմաքանդումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.