Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Յաղթանակ Մը Եւս, Եւ ՀՄԸՄ-ի Տղոց Տինամիք Խումբը Կը Հանդիսանայ Լիբանանի Ախոյեան

May 14, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի աւարտականի հինգերորդ ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց տինամիք խումբին յաղթանակով` 76-65 արդիւնքով (22-9, 15-18, 17-28, 22-10):

PROFOTO

Ինչպէս նկատելի է, ՀՄԸՄ զօրաւոր կերպով սկսաւ այս մրցումին` ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրելու նպատակով:

Այդպէս ալ պատահեցաւ, ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը եւ այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:

Այսօր, եթէ ՀՄԸՄ յաջողի արձանագրել իր չորրորդ յաղթանակը (ինչ որ դժուար չէ), պիտի հռչակուի Լիբանանի ախոյեան:

Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ գերտպաւորիչ ելոյթ ունեցան եւ յաջողեցան իրենք զիրենք պարտադրել իրենց մրցակիցին վրայ, որ միայն մէկ առիթով, այդ ալ մէկ կէտի տարբերութեամբ միայն (55-54) ամբողջ մրցումին ընթացքին գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը: Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ նոյնիսկ 15 կէտի հսկայ առաւելութիւն մը ունեցաւ (33-18):

PROFOTO

Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Սեմ Եանկ (22 կէտ), ապա` Ուոլթըր Հոճ (20): ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ թրի-փոյթը նշանակեց Էլի Շամուն (3), ապա` Իսմայիլ Ահմետ (2):

Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Զիատ Թաննուս եւ Ռապիհ Մասրի:

Դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած եւ մրցումին ազդանշանը տրուելէն երեք ժամ առաջ իրենց տեղերը ապահոված ՀՄԸՄ-ի համակիրները, առանց վայրկեան մը իսկ դադար առնելու, անընդհատ քաջալերեցին իրենց տինամիք խումբը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Մրցումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ուալիտ Նասսար:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին, այն յոյսով, որ այսօր կ՛արձանագրեն իրենց չորրորդ յաղթանակը եւ կը հանդիսանան Լիբանանի ախոյեան:

PROFOTO
Նախորդը

1 Յուլիս 2018-ին` Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Կազմակերպած Կէս-Մարաթոնի 11-րդ Վազքի Մրցումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Մայիս 2018)

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.