Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Միացեալ Նահանգներուն Ըսինք` Դուք Ձեր Ճամբով Գացէք, Մենք` Մեր Ճամբով» Կ՛ըսէ Էրտողան

May 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ ոչ մէկ օրինական իրաւունք ունին ջնջելու Թուրքիոյ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումը, որովհետեւ իրենք արդէն վճարած են ատոր գինը:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան պնդած է, թէ Թուրքիան` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկեր, մշտապէս կատարած է իր պարտաւորութիւններն ու նոյնը կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներէն:

«Բարի եղէք` յարգեցէ՛ք այն համաձայնագիրը, որուն տակ ստորագրած էք», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը, մեկնաբանելով շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներուն վարած քաղաքականութիւնը, նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ այժմ կը կորսնցնեն շրջանին մէջ իր իսկական բարեկամները:

«Այդ ահաբեկիչներուն (Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ, «Ա.») ո՞վ զէնք կու տայ: Անոնց անվճար զէնք տուիք, այդ զէնքը մեր դէմ օգտագործուեցաւ: Միացեալ Նահանգներ մէկ կողմ դրին իրենց ռազմավարական գործընկերը` Թուրքիան: Մենք ալ ըսինք` դուք ձեր ճամբով գացէք, մենք ալ` մեր», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարման վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութեան միջեւ գործարքը կնքուած է 2017-ին:

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր օրեր առաջ յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Անգարային սպառնացած են արգելակել «Էֆ-35» հինգերորդ սերունդի հալածիչներու վաճառքը` Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգ ձեռք բերելու պարագային:

Պոզքըրի համաձայն, Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական համակարգեր ձեռք բերելու հարցը «ծայրայեղ քայլ» կը նկատեն: «Քոնկրեսին մէջ մտադիր են ատոր հետ կապել «Էֆ-35»-ի վաճառքը. եթէ մենք գնենք «Էս-400» համակարգերը, Քոնկրեսը պիտի որոշէ արգիլել վաճառքը», մեկնաբանած էր Պոզքըր:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Քեմալական Կուսակցութեան Նախագահական Թեկնածուն Այցելած Է Կալանաւորուած Քիւրտ Թեկնածուին

Յաջորդը

«Իրան Կը Կատարէ Վեցեակին Հետ Համաձայնագիրի Ծիրին Մէջ Ստանձնած Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Ամանօ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.