
Երէկ, «Քարամ» տախտակի գործատեղիին մէջ (Զուք) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, լիբանանցի ռելիներու նախկին ախոյեան Նեպիլ Քարամ ստացաւ «Կինես» գիրքին մէջ իր հաստատած աշխարհի երկու նոր մրցանիշերուն վկայագիրները, «Կինես»-ի ներկայացուցիչին` եմենցի Թալալ Օմարի կողմէ:
Այս հանդիսութեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը կը ներկայացնէր Ուիսամ Պարուտի: Ներկայ էին նաեւ այլ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի թէ օտար մարզական լրագրողներ:

Նեպիլ Քարամ իր երկու մրցանիշերը հաստատած է հետեւեալ մարզերուն մէջ. ան պատրաստած է 27777 փոքր ինքնաշարժներ, ինչպէս նաեւ պատրաստած է 333 մաքեթներ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ, Նեպիլ Քարամ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց մարզական լրագրողներուն` ըսելով, որ անոնց շնորհիւ է, որ մարզական որեւէ տեսակի ձեռնարկ կամ յաջողութիւն կը հասնի իր նպատակին եւ հասանելի կը դառնայ հանրութեան:
Ապա ան յայտնեց, որ իր հաստատած այս նոր մրցանիշերը կը նուիրէ Լիբանանի` աւելցնելով, որ ինք այդ իրագործումին շնորհիւ բարձր պահեց իր հայրենիքին անունը` միջազգային գետնի վրայ:
Աւարտին, ան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց Պարուտիի եւ Օմարի:


