Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

November 18, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքաթի խօսք կ՛առնէ գործատէրերու եւ տնտեսութեան համագումարին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ նախագահեց գործատէրերու եւ տնտեսութեան համագումարին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական եւ տնտեսական կացութեան մասին պէտք չէ մտահոգուիլ:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նկատմամբ արաբական եւ միջազգային վստահութիւնը:

«Ապահովական կացութեան առումով որեւէ խախտում պիտի պատճառէ մեր նահանջը, որ զգալի պիտի դառնայ բոլորին համար: Սակայն միջազգային առումով պէտք է նեցուկ կանգնիլ արաբական բոլոր արդար դատերուն, ինչպէս նաեւ յարգել միջազգային բոլոր բանաձեւերը», ըսաւ վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու միակ միջոցը շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան գործադրութիւնն է:

Վարչապետը կոչ ուղղեց նաեւ կանխարգիլելու Լիբանանի դէմ գործուելիք որեւէ յարձակում:

Անդրադառնալով երկրին տնտեսական կացութեան` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իրենք չեն նպատակադրեր յաւելեալ տուրքեր պարտադրել` աւելցնելով սակայն, որ հարկ է հակակշիռի տակ առնել Լիբանանի պետական գանձարկղին նիւթական բացը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կայունութիւնը` առանց նիւթական այդ բացին մէջ աճ արձանագրելու:

Միւս կողմէ, վարչապետարանէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ հերքեց «Լիուա» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած հետեւեալ լուրը. «Վարչապետ Միքաթի երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմին յայտնած է, որ ինք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն, եթէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը չկատարուի»:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերոնշեալ լուրը անճիշդ է` աւելցնելով, որ վարչապետը երեսփոխան Ղանեմի հետ քննարկած է վարչական եւ խորհրդարանական հարցեր:

Այլ գետնի վրայ, վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Եուսեֆ Ալի Ասայմին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Յոյն ուղղափառ համայնքի հանդիպումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Միշել Թուէյնիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, խստիւ դատապարտուեցաւ Էշրեֆիէի մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին գողութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ այդ արարքը գործող յանցագործներուն դէմ խիստ պատժամիջոցներ տնօրինելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Թուէյնի յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են նաեւ պետական նշանակումներուն պարագային յոյն ուղղափառ համայնքին ներկայացուցչութեան արդար իրաւունքը նկատի ունենալու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ «ՊԻԵԼ»Ի ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Յաջորդը

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԲԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ՈՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃԵՑՆԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։