Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի իտալացի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի, համաձայնութեան գալէ ետք Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, ստորագրեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` ստանձնելու համար երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը, յայտնեց «Սփորթ-Էքսփրես», աւելցնեով, որ այդ ժամանակամիջոցը երկու տարիով երկարաձգելու կարելիութիւն կայ:
Անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 4,2 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի, որ անոր օգնականներէն մէկը պիտի ըլլայ Անտրէա Փիրլօ:
Մանչինիի նորամուտը Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ տեղի պիտի ունենայ 23 մայիսին:



