Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Մինչեւ հիմա խօսեցան քաղաքական կուսակցութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները:
Խօսեցան թեկնածուները եւ անոնց ընկերային ցանցերը:
Խօսեցան քաղաքական մեկնաբաններն ու լրատուամիջոցները:
Վաղը խօսելու կարգը մեր ժողովուրդինն է: Խօսելու միջոցը քուէն է: Վաղը քուէ՛ն պիտի խօսի: Ազատ արտայայտութեամբ անկախ քուէն:
Քուէն պիտի խօսի կարկուտի արագութեամբ եւ առատութեամբ:
Վաղը լռութիւնը ոսկի չէ՛: Լռութիւնը, անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը դասալքութիւն են: Պարտութի՛ւն է: Նահա՛նջ է:
Վաղը ազգային նուիրական պարտականութեան օրն է: Օրը` մեր քուէներով արժեցնելու քաղաքական մեր կամքը:
Մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս, մէկ մարդու պէս, պիտի կանգնի իր «հին ընկերոջ» կողքին եւ անոր կոչին պիտի պատասխանէ «ներկա՛յ»:
Մեր ժողովուրդը վաղը ամենայն պարտաճանաչութեամբ պիտի կատարէ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւնը եւ պիտի քուէարկէ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն` անոնց անձերուն ընդմէջէն վերահաստատելով իր վստահութիւնը` զանոնք ներկայացնող կուսակցութեան:
Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը անցնող բոլոր ընտրութիւններուն: Վաղը տարբեր չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը Դաշնակցութեան յաղթանակին մէջ, արդարօրէ՛ն, կը տեսնէ ի՛ր յաղթանակը եւ ըստ այնմ կ’ըմբռնէ կիրակի օրուան քննութեան կարեւորութիւնը:
6 մայիսը քննութեան օր է մեզի համար:
Քննութիւնը կարեւոր է` ճանչնալու համար իւրաքանչիւր կուսակցութեան ներկայացուցչական ուժը, տեղն ու դերը, կշիռն ու հեղինակութիւնը իր համայնքին մէջ: Ընտրութիւնները կը ճշդեն իւրաքանչիւր կուսակցութեան ժողովրդականութեան չափը իր շրջապատին մէջ` իբրեւ հանրանուէր կազմակերպութեան:
Քննութիւնը կարեւոր է` քաղաքական դաշնակիցներուն թէ հակառակորդներուն ցոյց տալու համար ընտրական մեր ուժը, որ տարիներու հետ չի մաշիր, չի տկարանար, այլ ընդհակառակն, կ’աճի ու կ’ամրանայ հակառակ ընտրական հրապարակին վրայ պարզուած մտահոգիչ երեւոյթներուն` անհաշիւ խոստումներու շռայլանքէն մինչեւ ընտրակաշառքներ, թեկնածուներու հասցէին կատարուած անձնական վիրաւորանքներէն մինչեւ քուէներու գնման քայլեր:
Քննութիւնը կարեւոր է նաեւ ցոյց տալու համար մեր ժողովուրդին հաւատքն ու կառչածութիւնը Լիբանանին եւ անոր ժողովրդավար ու խորհրդարանական կարգերուն: Անգամ մը եւս հաստատելու համար, որ մեր ժողովուրդը կը մնայ ջերմ պաշտպանը այն ազատութիւններուն, որոնց օրրան է այս երկիրը` իբրեւ խաղաղութեան երկիր, հանդուրժողութեան երկիր, համայնքներու գոյակցութեան եւ համերաշխ զարգացման երկիր:
Վերջապէս, քննութիւնը կարեւոր է, որպէսզի Դաշնակցութեան ընդդիմադիրներուն հասկնալի դառնայ, որ փորձութեան պահերուն, մեր ժողովուրդը իր առողջ բնազդով գիտէ՛ լաւը վատէն, օգտակարը վնասակարէն, ազգայինը ապազգայինէն զանազանելու, իր կապուածութիւնն ու գնահատանքը լաւագոյն ձեւով արտայայտելու ճի՛շդ ճամբան` ամուր կանգնելով այն կուսակցութեան կողքին, որուն հարազատութիւնը կը զգայ, որուն անշահախնդիր ու բոլորանուէր ծառայութիւնը կը գնահատէ, եւ որուն քաղաքական ուղղութիւնը ճիշդ կը գտնէ: Ա՛յն ուղղութիւնը, որուն կը հետեւի Դաշնակցութիւնը` Լիբանանի ներքին միասնականութեան եւ զարգացման համար իր հետեւողական աշխատանքով:
Մեր ժողովուրդը անցեալին պատուով դուրս եկած է իր ներկայացած քննութիւններէն: Ունեցած է փայլուն յաջողութիւններ ու նաեւ` անյաջողութիւններ, երբ ընտրական անարդար օրէնքներ արգելք եղած են իր թեկնածուներուն խորհրդարան մուտքին, բայց այդ պարագային եւս բան չէ պակսած այն յաղթանակէն, զոր հայութեան հարազատ թեկնածուները տարած են իրե՛նց ժողովուրդին մէջ եւ իրե՛նց ժողովուրդին միջոցով:
6 մայիսի քննութիւնը հարսանիք մը պիտի ըլլայ մեզի համար, ոչ միայն արդիւնքներէն ետք, այլ մանաւանդ` արդիւնքներէն առաջ: Ինքնավստահութիւնն ու խանդավառութիւնը պիտի համակեն բոլորը: Վաղը մեր ակումբները հանգիստ ու դադար պիտի չունենան: Հազարաւորներ իրենց քրտինքի բաժինը պիտի բերեն ապահովելու համար մեր ժողովուրդին յաղթանակը: Մեր քուէարկողները հեղեղի նման պիտի ողողեն քուէարկութեան կեդրոնները, եւ յաղթանակը պիտի ըլլայ մէ՛կ, բայց հաւասարապէս պիտի բաժնուի բոլորին` կուսակցականին եւ համակիրին, մեծին ու փոքրին:
Մեր ժողովուրդը, որմէ կը ստանանք մեր ուժն ու հեղինակութիւնը, վաղը պիտի քուէարկէ կարգապահ եւ խուռներամ շարքերով:
Մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` իր գերագոյն շահերուն համար, իր ազգային գաղափարներուն յաղթանակին եւ քաղաքական ուղղութեան անշեղ պահպանման համար:
Մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` իր վճիռը տալու Լիբանանի յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Մեր ժողովուրդը, առողջ, իմաստո՛ւն ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի ըլլայ մեզի հետ` քուէարկելու համար Մեթնի մէջ` Յակոբ Բագրատունիին, իսկ Պէյրութի մէջ` Յակոբ Թերզեանին, Սերժ Չուխատարեանին եւ Աբրահամ Մաթոսեանին, անոնց անձերուն ընդմէջէն ողջունելով այն տրամադրութիւնը, այն ժողովուրդը, որ կ’ուզէ, որ այսպէս ըլլայ լիբանանահայութիւնը, կ’ուզէ, որ այսպէս ալ մնայ լիբանանահայութիւնը`
Մի՛շտ ամուր, մի՛շտ յաղթական` շնորհիւ իր հաւաքական կամքին եւ այդ կամքը ճիշդ ձեւով արտայայտող իր սիրելի կուսակցութեան:


