Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Միջազգային Հեղինակութեան Նոր Նշաձողերու Իրացում

April 27, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան ընթացակարգի մեկնարկի ճշդումը կը պարտաւորեցնէ ճգնաժամի հանգուցալուծման համար քաղաքական երկխօսութեան հարթակի արագ կայացումը եւ համապատասխան եզրայանգումներու արձանագրումը:

Մինչեւ այս պահը կայ համակողմանի մօտեցում` գործընթացները պահելու քաղաքակիրթ, խաղաղ սահմաններու մէջ, առաւել եւս` հանգուցալուծումները բերելու օրինական դաշտ: Թաւշեայ յեղափոխութեան դիմաց կար նաեւ թաւշեայ պետական արձագանգում`ուժի կիրարկումը բացառելու եւ ընթացակարգը սահմանադրական եւ մանաւանդ անցնցում պահելու:

Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ վերջին օրերուն, օրինակելի է ո՛չ միայն ներազգային, այլ նաեւ միջազգային մակարդակով: Գործընթացները իրողապէս բարձրացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկը: Դժուար պիտի ըլլար յիշելը ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող այլ երկիրներ, ուր անընդհատ ժողովուրդը շաբաթներ բողոքի գործողութիւններով ինքզինք կը դրսեւորէ` գիտակցելով, որ այդ գործողութիւններուն պէտք է տայ բացառապէս խաղաղ բնոյթ, որուն դիմաց իրաւապահ մարմինները, հակառակ բերման ենթարկելու պարագայական կոշտ վերաբերումներու, ընդհանրապէս կը խուսափին պատահարներուն անհամաչափ ուժ ցուցաբերելու փորձութենէն:

Այստեղ առանձնապէս պէտք է ընդգծել նաեւ վարչապետին հրաժարական տալու աքթին եւ թեքսթին պետականութեան բարձր մակարդակը, ուր առաջնային կերպով գերադասուած էին` երկրի անդորրութիւնը, անվտանգութիւնը, համերաշխութիւնը:

Իրենց ամբողջութեան մէջ գործընթացները համակողմանիօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածեցին ժողովրդավարութեան մոտել պետութեան եւ հասարակութեան օրինակի:

Յաճախ, տարբեր առիթներով կատարուած վերլուծումներու մէջ, թէ՛ իրաւական եւ թէ՛ քաղաքական առումներով կը շեշտուին եւրոպական արժեհամակարգի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը մեր երկրին կողմէ եւ այդ ուղղութեամբ փուլ առ փուլ պարտաւորութիւնները կատարելու պահանջներու յիշեցումները: Դժուար պիտի չըլլար ընկալելը, որ գէթ այս պարագային եւրոպական շատ մը երկիրներ գուցէ նաեւ անհրաժեշտութիւնը զգային որդեգրելու հայկական մոտելն ու պետական-հասարակական արժեհամակարգի դրսեւորած մօտեցումները:

Այս բոլորը կապ չունին անշուշտ մեկնող-գալիք իշխանութիւններուն գնահատականներու հետ: Այս բոլորը մինչ այժմ արձանագրուած-արձանագրուող գործընթացներուն ունեցած դրական ազդեցութեան կը վերաբերին` մեր երկրի միջազգային հեղինակութեան ու վարկի բարձրացման մէջ: Ի վերջոյ, համաժողովրդային կամքի կամարտայայտութիւն, որուն դիմաց` վարչապետի հրաժարական: Բախումներու բացառում, խաղաղ եղանակի որդեգրման եւ  կիրարկման կոչեր, իրականացումներ եւ իրաւապահ մարմիններու արհեստավարժ գործելաոճի առարկայացում եւ ուժի կիրարկումէ խուսափումի վճռակամութիւն:

Այս բնութագրումները կապ չունին նաեւ գէթ այսօր միանձնեայ ղեկավարութեամբ  յատկանշուող համաժողովրդային ընդդիմութեան իշխանութիւն ստանձնելու պարագային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն հետ առնչուած հայեցակարգային անորոշութիւններու առթած տեղին մտահոգութիւններուն հետ:

Այդ հարցերը կան եւ պիտի յստակացուին տակաւին: Խնդիրը այսօր ժողովրդավարական դիմագիծի պայծառացման եւ միջազգային վարկաւորումին կը վերաբերի: Եւ բոլոր պատճառներն ու արդար ակնկալութիւնները կան, որ գիտակցական այս համակողմանի բարձր մակարդակը ինքզինք զգալի դարձնէ նաեւ հետագայ հանգուցալուծումներու գործընթացներուն` միշտ գերադասելով այդ բոլորին սահմանադրականութիւնն ու անոնց օրինական դաշտի մէջ կայացումը:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայաստանի 6 Ակումբներ Ստացան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Արտօնագիրներ

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.