Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակէն Յայտարարեց «Թաւշեայ Յեղափոխութեան» Սկիզբը

April 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Սերժ Սարգսեանը ընտրեց երկրի վարչապետ: Ամբողջ օրուան ընթացքին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, Երեւանի զանազան փողոցները փակուած էին «Ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետացման» շարժումին կողմէ, որ կը ղեկավարէ Նիկոլ Փաշինեանը:

Հայաստանի ոստիկանութիւնը որոշում տուած էր դադրեցնելու Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքը եւ պահանջած հաւաքի ղեկավարէն  այդ մասին անմիջապէս տեղեկացնել հաւաքի մասնակիցները:

Սակայն, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր  կողմնակիցները փակած են Երեւանի կեդրոնական մասը` Սայաթ-Նովա պողոտան, Աբովեան փողոցի մէկ հատուածը, Պռոշեան-Բաղրամեան պողոտայի հատուածը, Դեմիրճեան փողոցը, Հրազդանի ձորէն Հալաբեան տանող ճամբուն սկիզբը: Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանը անգամ մը եւս կոչ ուղղած է փակելու քաղաքի բոլոր փողոցները:

Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, վարչական իրաւախախտումներ կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկած է Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հաւաքի խումբ մը մասնակիցներ: Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ի դրութեամբ, ոստիկանութիւնը յատարարած է, թէ բերման ենթարկուածներու թիւը հասած է 80-ի:

Փաշինեան. «Կառավարութեան Բոլոր Շէնքերու
Գործունէութիւնը Պէտք Է Անդամալուծենք»

Երէկ կէսօրին, Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբը:

Խօսելով հետագայ քայլերուն մասին` ան ըսած է, որ պէտք է անդամալուծել պետական ամբողջ համակարգը: «Երթով պիտի շարժինք եւ քայլեր ձեռնարկենք կառավարութեան բոլոր շէնքերու  գործունէութիւնը անդամալուծելու ուղղութեամբ: Այնտեղ, ուր յաջողինք ներս մտնել, ներս կը մտնենք եւ նստացոյց կը կազմակերպենք, իսկ ուր որ չյաջողինք, մուտքին մօտ նստացոյց պիտի կազմակերպենք», ըսած է  Փաշինեանը:

Մարզերուն մէջ գտնուողներուն ան կոչ ուղղած է մտնելու նաեւ գիւղապետարաններու շէնքերը:

Փաշինեան նշած է, որ իրենց քայլը շէնքերու շրջափակման գործընթաց է, ոչ թէ շէնքերի գրաւման գործողութիւն:

Աւելի ուշ, խումբ մը ցուցարարներ փակած են Երեւանի «Յաղթանակ»-ի կամուրջը: Տեղւոյն ոստիկանական աշխատողները փորձած են վերականգնել երթեւեկութիւնը:

Նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի յարակից տարածքին մէջ  ցուցարարները փակած են փողոցները եւ անդամալուծած են երթեւեկութիւնը:

Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
Բազմամարդ Հանրահաւաք

Երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեանը հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղած է հաւաքի աւարտէն ետք միանալու եւ երթ կազմակերպելու, ապա կրկին վերադառնալու Ֆրանսայի հրապարակ: Սակայն ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, որ այսօրուընէ այլեւս դուրսը պիտի չգիշերեն, այլ պիտի երթան տուն` 18 ապրիլին կրկին հանդիպելու միտումով:

Ան դարձեալ փողոցները փակելու կոչով դիմեց, բայց այս անգամ ոչ միայն Երեւանի կեդրոնական փողոցները, այլ ամբողջ Երեւանի, եւ յայտարարեց, որ գործողութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10:00-էն:

Նիկոլ Փաշինեանը Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարած է, որ  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսած է «ժողովրդական, թաւշեայ  յեղափոխութիւն, որ պիտի յաղթէ, քանի որ այդ յեղափոխութիւնը կարելի չէ կանգնեցնել, այդ յեղափոխութեան առաջնորդը Հայաստանի քաղաքացին է»:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Ցուցարարներն Ու Ոստիկանները Յորդորած Է Խոհեմ Ըլլալ

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան 77 Պատգամաւորի Ձայներով Ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.