Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տահրանի Մէջ. «Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Կը Մնայ Արաբական Համախոհութեան Միակ Հեղինակութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին այցելեցին Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքը, ուր տեղի ունեցաւ Արաբական լիկայի 29-րդ վեհաժողովը:

Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի ընկերակցեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի: Աւելի ուշ անոնց միացաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Այս առիթով նախագահ Աուն արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ հարց տուաւ, թէ Արաբական լիկան բազմաթիւ վեհաժողովներ գումարած է, որոնց ոմանք նաեւ արտակարգ բնոյթի վեհաժողովներ եղած են, սակայն պատերազմի բռնկման հաւանականութիւնը չի նուազիր, իսկ Սուրիոյ հողերուն վրայ միջազգային պատերազմի բռնկման վտանգը հետզհետէ կ՛ամրապնդուի:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ապակայունութիւնը կը գերակշռէ շրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, իսկ ահաբեկչութիւնը մէկ երկրէ միւս երկիրը ոստում կը կատարէ` յաւելեալ զոհեր խլելու նպատակով:

Ան ցաւ յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդին զաւակները անպատսպար մնացած են ամբողջ աշխարհի մէջ եւ աւուր հացի կարօտ են:

Նախագահ Աուն դրուատեց, որ ահաբեկչութեան իր բաժինը ստացած Լիբանանը կրցած է յաղթել անոր, հակառակ անոր որ տակաւին կը կրէ իր շուրջ գտնուող տագնապներուն հետեւանքները:

Ան նշեց, որ այդ տագնապներուն մաս կը կազմեն համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը, զինք շրջափակող պատերազմները, հասնելով մինչեւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը, որ ամէնէն ծանր կշռող բեռն է` նկատի ունենալով Լիբանանի աշխարհագրական դիրքին իրականութիւնը, բնակչութեան թիւը, ապահովական կացութիւնը, ենթակառոյցը եւ  աշխատանքի կարելիութիւնները:

«Սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը բոլորիս խնդիրն է, հետեւաբար այդ հարցին բեռը միայն Սուրիոյ սահմանակից երկիրները չէ, որ պէտք է կրեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պաղեստինեան հարցը Միջին Արեւելքի ապակայունութեան հիմքն է եւ անոր նկատմամբ միջազգային անտեսումը, աւելի ճիշդը` միջազգային մեղսակցութիւնը Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած բոլոր չարիքներուն, կը մնայ հիմնական հարցը», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Աուն աւելցուց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կը շարունակուին, իսկ պատերազմ մը բռնկեցնելու իմաստով սպառնալիքները միշտ առկայ են:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ  Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին կը մնայ արաբական համախոհութեան միակ հեղինակութիւնը: «Այս իմաստով կարելի է ջանքեր թափել եւ պաղեստինեան հարցին արդար եւ ամբողջական լուծում ապահովել», ըսաւ ան:

«Արդեօք պիտի արտօնե՞նք, որ Երուսաղէմը կորսուի: Պիտի արտօնե՞նք, որ Երուսաղէմը դառնայ Իսրայէլի մայրաքաղաքը: Արդեօք պիտի խուսափի՞նք իրականութեան դէմ յանդիման գտնուելէ եւ պատասխանատուութիւնը օտարին վրայ նետե՞նք, երբ մեր շրջանին համար քաղաքական նոր դիմագիծ կը նախապատրաստուի, եւ եթէ ան յաջողի, ապա բոլորս պիտի տապալէ: Սպասե՞նք, որ նման բան պատահի, թէ՞ կանխարգիլենք նման փորձեր», հարց տուաւ ան:

Նախագահ Աուն իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ արաբ ժողովուրդը պէտք է գոյացնէ իսկական միասնականութիւն, որովհետեւ արաբական մասնատուած վիճակէն դուրս գալու համար փրկութեան նախաձեռնութեան իսկական կարիք կայ», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ երէկ կէս գիշերին նախագահ Աուն, վարչապետ Հարիրի եւ անոնց ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները վերադարձան Պէյրութ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Յորդանանի Թագաւորներուն Եւ Այլ Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

Արաբական 29-րդ Վեհաժողովը Արդար Եւ Համապարփակ Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը Շեշտեց

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.