Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Յորդանանի Թագաւորներուն Եւ Այլ Պատասխանատուներու Հետ

April 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Տահրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման հեռանկարները:

Նախագահ Աուն Հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ` Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, ներկայութեամբ Հարիրիի, Պասիլի եւ յորդանանեան պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ զինուորական գործակցութեան հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ռմբակոծումը:

Երէկ երեկոյեան նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պասիլ եւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցը` Սամեհ Շուքրի:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Սիսին` հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելուն առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները, որոնք վերահաստատեցին Պէյրութի եւ Գահիրէի կեցուածքները:

Նշենք, որ նախանցեալ օր նախագահ Աուն Տամմամի մէջ ընդունեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Միխայէլ Պոկտանովը, որ նախագահ Աունի փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները` Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միացեալ հրթիռակոծումին լոյսին տակ:

Պոկտանով հաստատեց Ռուսիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ յօգուտ անոր կազմակերպուող միջազգային խորհրդաժողովներուն: Ան ընդգծեց, որ Ռուսիա նախանձախնդիր է ընդառաջելու Լիբանանի բոլոր պահանջներուն:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած ընկերային եւ ապահովական հետեւանքներուն` անհրաժեշտ նկատելով անոնց տունդարձը` դէպի սուրիական ապահով շրջաններ:

Պոկտանով Մոսկուայի համաձայնութիւնը յայտնեց` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով եւ ողջունեց յառաջիկայ տարի Արաբական լիկայի վեհաժողովին Պէյրութի մէջ կայացումը:

Հանդիպումէն ետք Պոկտանով պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն շեշտեց, որ Ռուսիա այցելելու իմաստով նախագահ Աուն բաց հրաւէր ունի, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Ռուսիոյ երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները: «Նախագահ Աուն Ռուսիոյ մտերիմ բարեկամն է», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Սուրիա Այդ Ռմբակոծումէն Շատ Աւելի Հզօր Դուրս Եկած Է, Իսկ Զինեալ Խմբաւորումները` Աւելի Եւս Յուսալքուած» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Տահրանի Մէջ. «Խաղաղութեան Արաբական Նախաձեռնութիւնը Տակաւին Կը Մնայ Արաբական Համախոհութեան Միակ Հեղինակութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.