Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիւլենականներու Դէմ Գործողութիւնները Թուրք-Քոսովեան Լարուածութեան Պատճառ Դարձած Են

April 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոսովոյի մէջ կիւլենականներու կրօնական համայնքի ներկայացուցիչներու դէմ ուղղուած ոստիկանական գործողութիւններն ու երկրի վարչապետին` ատոր ի պատասխան տուած կարծր արձագանգը լարուածութիւն յառաջացուցած են Թուրքիոյ եւ Քոսովոյի յարաբերութիւններուն մէջ:

Թրքական «Ենի Աքըթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» խմբաւորման քանի մը քոսովաբնակ անդամներու դէմ վերջերս յատուկ գործողութիւն ձեռնարկուած է տեղւոյն անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, այս պատճառով ալ ձերբակալուած են շարք մը կիւլենականներ:

Ատկէ ետք Քոսովոյի վարչապետ Ռամուշ Հարատինայը աշխատանքէ ազատ կացուցած էր Քոսովոյի ներքին գործերու նախարարը եւ հետախուզութեան ծառայութեան պետը` նշելով, որ ինք կիւլենականներու դէմ այդպիսի գործողութեան արտօնութիւն չէր տուած:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` պատասխանելով Քոսովոյի վարչապետին` վերջինիս մեղադրած էր ի դէմս կիւլենականներու Թուրքիոյ թշնամիներուն պաշտպանելու յանցանքով:

«Դուն այդ որո՞ւն հրամանով այդպիսի քայլ կատարեցիր: Այդ երբուընէ՞ սկսած ես Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջում կատարել փորձողները պաշտպանել», ըսած էր Էրտողան:

Քոսովոյի վարչապետին պատասխանը չէր ուշացած. «Քոսովոն կրնայ իր խնդիրները լուծել առանց Էրտողանի միջամտութեան»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Քրտական Քաղաքական Ուժերու Բարձր Մակարդակի Հանդիպումներ` Էրպիլի Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկելով Ֆրանսայի Նախագահին` «Ձեր Ճամբան Դժոխքն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.