Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաուտայի Մէջ. ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Կը Հաստատեն Հայուն Արժանապատուութիւնը Եւ Հպարտութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը` Հաւատալով, Որ Հայութեան Կամքը Կարելի Չէ Ընկճել

April 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ  երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Էհլանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում-լսարան մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի եւ Սերժ Չուխատարեանի եւ շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող բազմութեան:

Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Վազգէն Յակոբեան «Շուշի» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:

Ան յոյս յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու նպատակը իրականանայ եւ կոչ ուղղեց բոլորին կիրակի, 6 մայիս 2018-ին, «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար» կարգախօսով ուղղուելու քուէարկելու` ի նպաստ ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:

Ապա ցուցադրուեցաւ քուէարկելու դրութիւնը բացատրող կարճ տեսերիզ մը, որուն յաջորդեց ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն կենսագրականները հակիրճ կերպով ներկայացնող այլ տեսերիզ մը, որմէ ետք շրջանին բնակիչները ուրիշ տեսերիզի մը մէջ իրենց տեսակէտը ներկայացուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ իրենց կապին մասին:

Անոնք շեշտեցին, որ Դաշնակցութիւնը եղած է շրջանին տէրն ու տիրականը, եւ հաստատեցին իրենց հաւատքը, թէ ինչպէ՛ս անցեալին ու ներկային, ՀՅԴ ապագային եւս նոյն ուղիով պիտի շարունակէ իր ճամբան:

Բնակիչները իրենց կեցուածքներուն մէջ ընդգծեցին, որ ՀՅԴ-ի բոլոր հետեւորդները` համակիր թէ կուսակցական, պէտք է օժանդակեն ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն` յաջողելու եւ վերականգնելու համար Հայկական երեսփոխանական պլոքը:

ՀՅԴ-ի թեկնածու Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ ինք Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ առաքելական աթոռի թեկնածուներէն մէկն է եւ իր գլխաւոր նպատակն է լիբանանահայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնիլ: «Այս է մեր պարտականութիւնը եւ այդպէս դաստիարակուած ենք մենք` ազգային մեր առաքելութիւնը կատարելու ընթացքին: Մենք մեր ազգին ծառաներն ենք եւ այդպէս ալ կը մնանք, որովհետեւ մենք կը ծառայենք լիբանանահայ քաղաքացիին` տիպար քաղաքացիին», ըսաւ ան:

Յ. Թերզեան նշեց, որ ինք հպարտ կը զգայ իբրեւ ՀՅԴ-ի թեկնածու եւ կ՛ակնկալէ, որ լիբանանահայութիւնը մայիս 6-ին իր քուէն շնորհէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ համայնքի աթոռի ՀՅԴ-ի թեկնածու, իրաւաբան Սերժ Չուխատարեան յայտնեց, որ այս ժողովուրդին մէջ գտնուիլը հպարտութիւն է, իսկ Դաշնակցութեան թեկնածուն ըլլալը հպարտութիւն է եւ միաժամանակ պատասխանատուութիւն:

«Երբ խորհրդարան հասնինք, մենք պիտի ջանանք ձեր կարիքներուն հասնիլ եւ ձեր ակնկալութիւնները իրագործել: Իբրեւ իրաւաբան իմ ճիգս պիտի ըլլայ մշակել օրինագիծեր` երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու եւ հայ երիտասարդին աշխատանք ու բնակարան ապահովելու, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով հայ պաշտօնեաներ նշանակելու պետական հաստատութիւններուն մէջ, ըլլան անոնք դատական իշխանութիւններ, ապահովութեան ուժեր, տարբեր նախարարութիւններ: Այդպիսով է, որ մենք պիտի կարենանք լաւագոյնս ծառայել հայութեան եւ տէր կանգնիլ անոր իրաւունքներուն», ըսաւ ան:

Սերժ Չուխատարեան հաստատեց, որ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը, ոմանք պիտի մօտենան եւ դրամ առաջարկեն 200 կամ 300 տոլար. գումար մը, որ եթէ չորս տարուան վրայ բաժնենք, օրական 20 սենթ կ՛ելլէ: «Անոնք կը մոռնան, որ հայ ժողովուրդը արժանապատուութիւն ունեցող ժողովուրդ է: Կը մոռնան, որ մենք հպարտ ժողովուրդ ենք: Կը մոռնան, որ մենք հաւատարիմ ենք ՀՅԴ-ին եւ կը մոռնան, որ հայուն քուէն չի գնուիր եւ չի ծախուիր: 6 մայիսին մենք խիտ շարքերով պիտի ուղղուինք քուէարկելու, որպէսզի փաստենք, թէ տակաւին կանգուն ենք եւ ի վիճակի` Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու», հաստատեց ան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ-ի Մեթնի թեկնածու Յ. Բագրատունի, որ ընդգծեց, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ամէն օր Ռաուտայի մէջ է, ամէն օր ժողովուրդը հոս է: «ՀՅԴ-ն առանձին կուսակցութիւն մը չէ եւ ոչ ալ հիմնուած է, որ մարդիկ ակումբ գան, իրարու հետ խօսակցին եւ ժամանցի վայրի մը վերածեն ակումբը: ՀՅԴ-ն ստեղծուած է, որովհետեւ ժողովուրդը զայն ստեղծելու կարիք զգացած է տակաւին 1890-ին: Իսկ Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ն կը գործէ 1902-էն ի վեր: Զաւարեան ուսանողական միութիւնը Լիբանանի մէջ հիմնուած է 1904-ին, այսինքն` բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն մեծ հայրերուն ծնունդէն ալ առաջ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ հաւանաբար ժողովուրդը մտածէ, թէ այս թեկնածուները չորս տարին անգամ մը կ՛այցելեն եւ մեր քուէն կը խնդրեն ու յաջողելէ ետք մեզի բարեւ չեն տար: «Այո՛, կան երեսփոխաններ, որոնք այդպէս ըրած են, սակայն կայ նաեւ կուսակցութիւն, որ թեկնածու ունենայ կամ ոչ, իր ժողովուրդին հետ եղած է եւ իր ժողովուրդին հետ ալ պիտի մնայ: Այդ կուսակցութեան անունը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն է, որուն համար երեսփոխանական աթոռները պէտք է օգտագործուին զինք ծնած ժողովուրդին բարիքին համար», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ խորհրդարանին աթոռները այդքան ալ հանգստաւէտ չեն, յատկապէս քաղաքական այլ ուժերու ներկայութեան, որոնք իրենց մտածելակերպով եւ տեսակէտներով կը հակադրուին մեզի հետ եւ արգելք կը հանդիսանան, որ մեր ժողովուրդին օգտին աշխատինք: «Այդ պատճառով ալ կը վերադառնանք մեր կուսակցութեան եւ անոր միջոցով կը փորձենք լուծումներ գտնել լիբանանահայութեան հարցերուն: Լիբանանը տնտեսապէս դժուար օրերու մէջ է: Երկիրը 50 տարիէ ի վեր ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապ, ինչպէս նաեւ աղբի խնդիր ունի: Փտածութիւնն ու գողութիւնը նաեւ հարցեր են Լիբանանի համար, բայց այդ բոլորին պատասխանատուն ՀՅԴ-ն չէ, ընդհակառակն` ժառանգուած այդ հարցերուն մէջ Դաշնակցութեան ձեռքերը մաքուր են», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ պատերազմին ընթացքին Դաշնակցութիւնը գողութեան փոխարէն աւազէ տոպրակներ լեցուց, որպէսզի աւազապարկէ պատնէշներով իր թաղամասերը, հայ ընտանիքները պաշտպանէ եւ հայահոծ թաղամասերը բարձր պահեն իրենց պատիւը եւ նուազագոյն վնասով դուրս գան պատերազմէն: «Մենք յաջողեցանք այդ առաքելութեան մէջ: Յաջողեցանք, հակառակ անոր որ պետութիւնը գոյութիւն չունէր», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ օրին ՀՅԴ-ն զօրակցած է Էհլան հաստատութեան, որպէսզի հայոց տրուին այս բնակարանները,  ուր անոնք արժանավայել կեանք ապրին` թիթեղածածկ եւ տախտակաշէն տուներէ հեռանալով: «Լիբանանի մէջ միակ համայնքն ենք, որ 1960-ական թուականներէն Ֆանարի մէջ ժողովրդային բնակարաններ կառուցած ենք, Պօղոս Արիսի շէնքերը կառուցեցինք: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այսօր միակ քաղաքապետութիւնն է, որ հարիւրէ աւելի բնակարաններ կը շինէ, որպէսզի քեմփի բնակիչներուն ընծայէ արժանավայել, հայավայել եւ մարդավայել կեանք մը: Այս բոլորը կ՛ըսեմ, սիրելինե՛ր, ոչ թէ շնորհակալութեան ակնկալութեամբ, այլ դժբախտաբար, որովհետեւ շահագործող մարդիկ կան, ինչպէս նաեւ իրենց յիշողութիւնը կորսնցուցած մարդիկ կան, որոնք կը կարծեն, թէ երկու անուշ խօսքով հայութեան սիրտը կրնան գրաւել եւ քուէները ստանալ: Մենք պետութեան գործը կատարած ենք, սիրելի՛ ժողովուրդ, եւ պիտի շարունակենք նոյն ընթացքով` ի նպաստ մեզի քուէարկէք կամ ոչ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ երբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հիմնուած է` ժողովուրդին օժանդակելու համար, երբ Համազգայինը հիմնուած է հայոց լեզուն սորվեցնելու համար, երբ ՀՄԸՄ-ը հիմնուած է, որպէսզի մեր երիտասարդները մաքուր մթնոլորտի մէջ մեծնան` հեռու մոլութիւններէ, ո՛չ երեսփոխանական ընտրութիւն կար եւ ո՛չ ալ քուէարկութիւն, այլ` կար հայութիւն, որուն նեցուկ կը կանգնէր եւ պիտի կանգնի ՀՅԴ-ն: Մեզի համար հայուն հայ մնալն է կարեւորը: «Մենք միակ կուսակցութիւնն ենք Լիբանանի մէջ, որ իր ժողովուրդին դիմագիծը ամուր կ՛ուզէ պահել, եւ այդ պատճառով ալ երկու տարի առաջ ձեռնարկած է Հայկական ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտի հիմնադրութեան` օժանդակելու համար հայ ընտանիքի կազմութեան եւ հայ մանուկի մկրտութեան ծախսերուն, եւ հատուցելու երրորդ կամ չորրորդ հայ երեխայի ծնունդը` զայն նկատելով մեր լուծած մեծագոյն վրէժը թուրքէն, որ կ՛ուզէր բնաջնջել մեզ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ հայութիւնը խորհրդարանին մէջ ներկայացուի իր կուսակցութիւններով, որովհետեւ անհատը ինքզինք ամուր կը պահէ, իսկ կուսակցութեան ներկայացուցիչները` կուսակցութեան ճամբով ժողովուրդը ամուր կը պահեն:

Ընտրակաշառքի մասին կատարած իր անդրադարձին մէջ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նման կաշառքներով ընտրուած երեսփոխանները ընտրուելէ ետք ժողովուրդին արիւնը պիտի քամեն եւ իրենց ծախսած գումարներուն տասնապատիկը ապահովեն ժողովուրդէն:

«Ես չեմ հաւատար, որ կան հայեր, որոնք իրենց քուէն կը ծախեն, որովհետեւ քուէն խիղճ է: Քուէն ազատ մարդու արտայայտութիւն է, քուէն ազատ կամքի արտայայտութիւն է, քուէն ազատ եւ հպարտ հայու արտայայտութիւն է: Մեզի համար կարեւորը հայ հաւաքականութիւնը պահել է: Կարեւոր է, որ մարդիկ ըսեն. «Ահա՛ հայութիւնը հոս է, եւ հայութեան կամքը կարելի չէ ընկճել: Հայութեան քուէն հայ երեսփոխանին տրուող քուէն է: Հայութեան քուէն հայկական կուսակցութիւններու թեկնածուներուն տրուող քուէն է», շեշտեց ան:

Ան աւելցուց, որ յաջորդող հանդիպումներ պիտի ըլլան ընտրական միթինկներուն ընթացքին, «բայց մանաւանդ պիտի հանդիպինք 6 մայիսին, իսկ 7 մայիսին` պիտի հանդիպինք միասին յաղթանակ տօնելու, եւ վստահ եղէք, որ մեր երեսփոխաններուն թիւը պիտի աւելնայ ձե՛ր քուէներով եւ ձե՛ր կամքով», եզրափակեց ան:

Հանդիպումին աւարտին ՀՅԴ-ի թեկնածուները արժանացան ներկաներուն ծափահարութեան եւ խմբային լուսանկարներ ու ինքնանկարներ ստացան անոնց հետ:

 

 

Նախորդը

«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

Յաջորդը

Ընտրական Քրոնիկ. «Խոստում» Ծախողը, Կաշառքը, Ընկերութեան Կարիքներն Ու Պահակները Եւ Դիպուկ Առածը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.