Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Թուրքիա Կը Շարունակէ ՕԹԱՆ-ի Մէջ Մեր Սերտ Դաշնակիցը Ըլլալ»

April 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճոնի Մայքըլ յայտարարեց. «Թուրքիան կը շարունակէ Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի` ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր սերտ դաշնակիցը ըլլալ, եւ Ինճիրլիքի մէջ անոր օդուժի ռազմակայանը կը շարունակէ դաշինքին համար կարեւոր դեր ունենալ»:

Մայքըլ շեշտեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ դաշինքին համար Ինճիրլիք ռազմակայանի կարեւորութիւնը` հերքելով այդ ռազմակայանին վերաբերեալ լուրերը:

«Այդ լուրերուն նպատակը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ անվստահութիւնը աճեցնելն է եւ սեպ խրելը այնպիսի պահու մը, երբ պէտք է մեր հասարակաց շահերը հետապնդենք», նշեց ան:

Յիշեցնենք, որ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Ինճիրլիք ռազմակայանէն դուրս բերած են զինամթերքի շարժական յաւելեալ պահեստ մը` անոր այլեւս կարիք չունենալուն պատճառով` աւելցնելով, որ ատիկա ռազմակայանէն դուրս բերուած ամերիկեան արդէն երրորդ շարժական զինապահեստն է:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կտրուկ կերպով կրճատած են Ինճիրլիքի տարածքէն կատարուող զինուորական գործողութիւններու թիւը:

Միացեալ Նահանգներ յունուարին Թուրքիայէն Աֆղանիստան տեղափոխած են իրենց «Էյ-10» ռմբաձիգներու մէկ ամբողջ ստորաբաժինը:

Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ պատասխանելով Սուրիոյ մէջ առաջնահերթութիւններու շուրջ իր երկրին ու Անգարայի միջեւ մասնաւորաբար Մընպեժի վերաբերեալ տարակարծութիւններուն մասին հարցումի մը, յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութիւնը «լաւ ու բաց է»:

«Մենք Թուրքիոյ հետ այդ առնչութեամբ աշխուժ երկխօսութեան մէջ ենք, եւ Սուրիոյ մէջ մեր կարեւոր բանը շրջանին մէջ բազմաթիւ դերակատարներու գոյութեան պատճառով մարդոց հետ խօսելու մեքանիզմներու գոյութիւնն է», ընդգծեց Վոթըլ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Քոսովոյի Կողմէ Վեց Թուրքերու` Թուրքիոյ Արտայանձնումը

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկեան Պաշտօնական Աղբիւրի Մը. Ամերիկեան Ուժերը «Աւելի Երկար» Պիտի Մնան Սուրիոյ Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.