Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Պորտոյի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մոնաքոն, յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Ուրուկուէյի յառաջապահ Էտինսոն Քուանի տուպլէ մը իրագործեց, մինչ երրորդ կոլը նշանակեց արժանթինցի Անխել Տի Մարիա:
Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն 8-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ այս տիտղոսին:



