Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՎ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է «ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՆՈՒԷՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱԳԵԱՆ

November 16, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` երեքշաբթի, 15 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 64-րդ լսարանը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան («Պըրթրայթ Արմինիա») գործունէութիւնը: Զեկուցումը ներկայացուց «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապագեան:

«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Սեւան Գապագեան նշեց, որ  «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը սկսած է գործել 2004-ին, եւ ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 600 երիտասարդներ` 25 երկիրներէ:

Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր մասնակցողի փորձառութիւնը տարբեր է եւ իւրաքանչիւրը այս ծրագիրին հետեւելէ ետք վերստին պիտի երթայ տարբեր ճանապարհներ:

Սեւան Գապագեան

Գապագեան հաստատեց, որ սփիւռքը եւ Հայաստանը կը ներկայացնեն մէկ ամբողջութիւն` միացեալ ներուժի օգտագործումով: Ան ըսաւ. «Եթէ հայ ես, կ’ընդունիս եւ համոզուած ես, ապա Հայաստանը քուկդ է»:

Ան յայտնեց, որ «Դէպի Հայք» ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն կ’ապահովուի ճանապարհածախսը, կեցութիւնը, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական եւ ընկերային աշխատանքները:

Այս բոլորին զուգահեռ, Գապագեան նշեց, որ հայկական ինքնութիւնը գտնելու կամ վերահաստատելու նպաստող այս ծրագիրին մասնակիցները իրենց մասնագիտութիւններուն եւ կարողութիւններուն մէջ կը կատարեն ծառայողական աշխատանքներ` իրենց ընտրութիւններուն համաձայն:

Զեկուցաբերը աւելցուց, որ 600-էն 25-ը արդէն կ’ապրին Հայաստանի մէջ եւ մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը ծրագիրին մասնակցելէ ետք տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան:

Սեւան Գապագեան նշեց, որ «Դէպի Հայք»-ը կոչ կ’ուղղէ երիտասարդներուն տեսնելու Հայաստանը իր բոլոր իրականութիւններով, սիրելու հայրենիքը եւ որոշելու, թէ իրենք Հայաստանի մէջ ի՛նչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ:

Գապագեան զեկուցումէն ետք ներկայացուց ծրագիրէն լուսանկարներ` պատմելով մասնակիցներուն հետ պատահած դէպքեր եւ վկայութիւններ: Ան նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն` կազմակերպութեան շուրջ փոխանցելով յաւելեալ տեղեկութիւններ:

 

Նախորդը

«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ» «ՀԱՅԵՐԸ` ՄՌԱՒԻՑ ԱՐԱՔՍ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.