Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց տղոց բաժակի մրցաշարքի յայտագիրը:
Բնականաբար մրցումները տեղի պիտի ունենան չէզոք դաշտերու վրայ:
Այս պարագային, ընդհանրապէս բոլոր մրցումներուն համար նկատի առնուած դաշտն է «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը իր մրցումը պիտի կատարէ երկուշաբթի, 2 ապրիլին, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի ճակատի Հուփսի դէմ:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ Շանվիլ – Անթունիէ մրցումը (երեկոյեան ժամը 20:00-ին):
Երեքշաբթի, 3 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մութթահետ իր դէմ պիտի ունենայ Ռիատին, իսկ երեկոյեան ժամը 22:30-ին Սաժես` Պէյրութը:


