Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խալտէի Մէջ. «Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ժողովրդավարական Կուսակցութիւններուն Միջեւ Քաղաքական Համաձայնութիւնը Կը Յայտարարենք» Շեշտեց Պասիլ

March 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Խալտէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլանի հետ:

Պասիլի ընկերակցեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ, նախկին նախարարներ Նիքոլա Սահնաուի եւ Մարիօ Աուն, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ Ղասսան Աթալլա եւ Էլիաս Հաննա:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ ըսաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքական համաձայնութիւն կը յայտարարեն, որովհետեւ իրենց միջեւ գործակցութիւնը ընտրութիւններէն շատ աւելին է. անիկա ազգային համագործակցութիւն է:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու են Լեռնալիբանանի հաշտութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ բոլոր գաղթականներու տունդարձին:

Ան մաղթեց, որ Արսլանի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական դաշինքը չմեկնաբանուի իբրեւ քաղաքական այս կամ այն ուժին դէմ կեցուածք:

Պասիլ Լեռնալիբանանի բնակիչներուն խոստացաւ իրենց միջեւ գոյացած քաղաքական դաշինքին արդիւնքները շօշափելի դարձնել յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին:

Իր կարգին, Արսլան յայտնեց, որ Պասիլի հետ համաձայնած են Լեռնալիբանանի բնակիչներուն դէմ գործուած անիրաւութեան վերջ տալ եւ գաղթականները վերադարձնել շրջան:

Արսլան նշեց, որ իր կազմելիք երեսփոխանական պլոքը մաս պիտի կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին` ամրապնդելու համար իրենց միջեւ գոյացած քաղաքական դաշինքը:

Ան հաստատեց, որ Լեռնալիբանանը Լիբանանի սիրտն է եւ կարիքը ունի տնտեսական ու ընկերային իրավիճակի բարելաւման:

Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 2005-էն ի վեր բարեկամ է խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիին եւ իբրեւ այդպիսին Արեւմտեան Պեքաայի ընտրաշրջանին մէջ կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի անոր թեկնածութեան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ (Սուր – Զահրանի – Սայտա) Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի Ուիսամ Հաժի, հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ (Նապաթիէ-Պընթ Ժպէյլ-Մերժահիուն-Հասպայա) պիտի զօրակցի Մուրհաֆ Ռամատանի, իսկ հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ (Թրիփոլի-Մընիէ-Տըննիէ) պիտի զօրակցի Թոնի Մարունիի թեկնածութեան:

 

 

Նախորդը

Մար Մարունի Դամբարանը Քանդելու Թրքական Արարքի Դատապարտում

Յաջորդը

Պըրրի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Սահմանային Իրավիճակն Ու «Հռոմ 2»-ի Արդիւնքները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.