Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի մրցաշարքին, կիսածանր կշիռքի դասակարգին մէջ հայազգի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարօ Մուրատ (Կարապետ Մուրատեան) նուաճեց աշխարհի ախոյեանի գօտին` յաղթելով ամերիկացի Թրեւիս Ռիվեսի:
Հայ բռնցքամարտիկը 12-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը եւ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Մուրատ 32-րդ յաղթանակը տօնեց արհեստավարժ իր ասպարէզին մէջ, որուն ընթացքին միայն 3 պարտութիւն կրած է եւ մէկ մենամարտ հաւասար աւարտած: Ան 21-րդ անգամ ըլլալով կը յաղթէ նաք-աութով:



