Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան հունգարական խորհրդարանին մէջ քաղաքացիներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ «գաղթականները կը ներխուժեն Եւրոպա»` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛օժանդակէ գաղթի հոլովոյթին»:
«Եւրոպան ներկայիս ներխուժման կ՛ենթարկուի, եւ եթէ անոնց արտօնենք, 10-էն 20 տարուան ընթացքին տասնեակ միլիոնաւոր անձեր Ափրիկէէն եւ Միջին Արեւելքէն պիտի ուղղուին Եւրոպա», նշեց Օրպան:
«Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք Պրիւքսելը չի պաշտպաներ Եւրոպան եւ չի դադրեցներ գաղթը, այլ ընդհակառակն` կ՛ուզէ ատոր օժանդակել եւ զայն կազմակերպել», ըսաւ Հունգարիոյ վարչապետը:
Նշենք, որ Հունգարիան 2017-էն ի վեր մեծ ճնշում կը բանեցնէ ապօրինի գաղթականներուն եւ ապաստանի դիմում ներկայացնողներուն վրայ` իր սահմաններուն վրայ անցարգելներ կառուցելով եւ որդեգրելով օրէնքներ ու քաղաքականութիւններ, որոնք կ՛աւելցնեն պատերազմներու եւ տագնապներու պատճառով իրենց երկիրներէն խոյս տուած անձերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:



