Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

March 26, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 25 մարտ 2018-ին,  հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս նշեց Մեծ պահքի վերջին կիրակիին զուգադիպող Ծաղկազարդի տօնը:

Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան իր քարոզը սկսաւ մէջբերելով Մատթէոսի աւետարանէն հետեւեալ համարը. «Օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն բարձրեալին»: Ան այսօրուան առիթը նկատեց ընդառաջ երթալու Տիրոջ դիմաւորութեան եբրայեցիներու մանուկներու օրինակով: Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքին վերջին փուլին որոշեց Երուսաղէմ երթալ: Ճանապարհին ժողովուրդը իր հագուստները ու ձիթենիի ճիւղերը գետին տարածելով կը ծաղկազարդէր Քրիստոսի ճամբան, որպէսզի մուտքը ըլլայ յաղթական: Աւագ շաբթուան աւարտին պիտի դիմաւորենք յարուցեալ Քրիստոսը: Առաջնորդ սրբազանը հարցադրում կատարեց, թէ ի՞նչ հաւատքով պիտի դիմաւորենք Քրիստոսը, որ մեռելութենէն կեանքի գալով մեզի ցոյց կու տայ այն ճամբան, որ կը տանի դէպի Աստուած եւ յաւիտենականութիւն: Ապա ըսաւ, թէ մեր հաւատքը հրեայ ժողովուրդի հաւատքէն աւելի տոկուն էր եւ կրնայ դիմանալ փորձութիւններու: Մենք ի՞նչ հաւատքով մեր զաւակները եկեղեցի բերած ենք, երբ ամէն կիրակի զրկած ենք զանոնք, հեռու կը պահենք եւ կը ժխտենք Աստուծոյ գոյութիւնը եւ հոգատար չենք անոնց դաստիարակութեան գործին նկատմամբ: Մեր Աստուածը կը թագաւորէ մեր հոգիներուն. Ան պէտք է ըլլայ այն բարձրակէտը, որուն դիմաց ամէն բան պէտք է խոնարհի, եւ Ան գործօն ներկայութիւն պէտք է ըլլայ մեր առօրեային մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս աշխարհը եւ կեանքը Աստուծոյ պարգեւներն են մեզի տրուած, որպէսզի զանոնք Աստուծոյ նպատակին համար ճշգրտօրէն գործադրենք: Կեանքը իր բազում երեսներով մեզ կը դնէ այնպիսի կացութիւններու դիմաց, ուր քրիստոնէական մեր հաւատքը կ՛արժեզրկէ եւ մենք կ՛ենթարկուինք աշխարհի կարգին ու սարքին: Պատրա՞ստ ենք աշխարհի մեր պայմաններուն մէջ զԱստուած հռչակելու, Անոր կամքը գործադրելով եւ հետեւելով սրբազան այն սկզբունքներուն, որ Միածինը սեփական իր ուսուցումներուն ճամբով փոխանցեց մեզի: Մեր հաւատքը պէտք է ըլլայ աւելի գիտակից, քան եբրայեցի ժողովուրդին հաւատքն ու գիտակցութիւնը: Այդ աւանդը, որ մեզի տրուած է Տիրոջ կողմէ, պէտք է զայն պահել եւ փոխանցել մեր զաւակներուն: Ջանանք գիտակցօրէն վերականգնել Աստուծոյ կամքն ու նկարագիրը, որպէսզի բարձրեալը ընդունելու արժանի ըլլանք եւ իր զօրութիւնը վայելենք:

Ս. պատարագի աւարտին սկիզբ առաւ մանուկներու թափօրը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, առաջնորդութեամբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին:

Թափօրէն ետք եկեղեցւոյ դասին մէջ համախմբուած մանուկները օրհնեց առաջնորդ սրբազանը:

Դռնբացէք

Նոյն օրը երեկոյեան բոլոր հայ եկեղեցիները կատարեցին Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Իր քարոզը սկսաւ շարականագիրին հետեւեալ բառերով. «Ով Տէր, ողորմութեան դռները բաց, աղաչական ձայնով կը խնդրենք քեզմէ»: Ան նշեց, որ այս արարողութիւնը մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնն է եւ հաստատուած է, որպէսզի աղօթական այս մթնոլորտին մէջ առիթը ունենանք մեր հոգիին սէրը ուղղելու դէպի Աստուած, որպէսզի Աստուած իր ողորմութեան դռները բանայ: Մենք պէտք է մեր սրտին դռները բանանք, որպէսզի Աստուած թափանցէ մշուշապատ մեր հոգիները, մաքրագործէ եւ կերպարանափոխէ մեզ:

Յառաջիկայ շաբաթ տնօրինական վերջին դէպքերու շաբաթ է եւ մեզ կը հրաւիրէ հետեւելու Աստուածորդւոյն քայլերուն եւ օրինակին, որպէսզի հասնինք այն շնորհին, որուն կը հրաւիրէ Քրիստոս իր յարութեամբ: Հաւատքով պէտք է հետեւիլ` քաջ գիտակցելով, որ Աստուած Իր ողորմութեամբ կրնայ վերականգնել:

 

 

Նախորդը

22 Մարտ 1920.- Արցախ Ապստամբեցաւ Ազերիական Բռնագրաւման Սպառնալիքին Դէմ

Յաջորդը

Երաժշտական Բարձր Մակարդակի Ձեռնարկով Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր Եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» Սրահի Բացում

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.