Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի ընտրական իրավիճակը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` անոր վերընտրութեան առիթով, եւ անոր փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց «Ազմ»-ի ընտրացանկին քուէարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց ուժը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ գործադրել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ պըն Սայիտ Շամիսին, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որոնք հաստատեցին, որ իրենց երկիրները կը զօրակցին Լիբանանի խորհրդարանական կեանքի վերանորոգումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյն ընդգծեց, որ ինք պիտի մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու` աւելցնելով, որ խորհրդարանական աշխատանքին իր հասկացողութիւնը զոհողութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց Ամալ շարժումի հետեւորդներուն եւ համակիրներուն իրենց կամքը եւ տեսակէտը արտայայտելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` պահպանելու համար նահատակներուն յիշատակը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը վերջ տայ քաղաքական նպատակներով գումարներու մսխումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ կարգ մը ընտրացանկեր կը ծառայեն Հըզպալլայի ծրագիրին գործադրութեան: Ան զգուշացուց մայրաքաղաք Պէյրութի որոշումը առեւանգելէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները գրեթէ խզուած են:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքին աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ընտրական օրէնքը դաշնակիցները կը դնէ դժուար եւ ծանր ընտրանքներու դիմաց:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Խալետ Տահեր վարչապետ Սաատ Հարիրիին խոստացաւ Աքքարի մէջ Մուսթաքպալի ընտրացանկին ի նպաստ մեծ թիւով քուէներ ապահովել:

 

Նախորդը

«Թուրքիա Յարգեց Գաղթականներու Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան Հետ Մարտ 2016-ին Կնքուած Համաձայնագիրը» Կ՛ըսէ Հոլանտայի Վարչապետը

Յաջորդը

Պըրրի. «Յոյսի Եւ Հաւատարմութեան» Ընտրացանկը Ընտրական Առանձնաշնորհում Չէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.