Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան արծաթէ մետալակիր դարձաւ Ռուսիոյ Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին:
73 քկ դասակարգին մէջ, 4 յաղթանակ արձանագրելէ ետք 26 տարեկան մարզիկը հասաւ աւարտականին, ուր սակայն պարտութիւն կրեց իր մոնկոլ մրցակիցէն:
Սակայն կիսաւարտականին Կարապետեան կարեւոր նուաճում մը կատարեց, երբ յաղթեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու իտալացի ախոյեան Ֆապիօ Փացիլէի:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչներ` Արսէն Ղազարեան (73 քկ) եւ Վարդան Խաչատրեան (81 քկ):



