Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՉ

March 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացում Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթողին:

28 մայիս 1918-ի պատմադրոշմ ու հայրենակերտ նուիրագործումը համահայկական տարողութեամբ եւ համազգային հնչեղութեամբ կը նշուի այս տարի: Հայրենի պետութիւնը այս առիթով կազմակերպած է ծրագիրներ` Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական ու քաղաքական նշանակութիւնը շեշտադրելու եւ լուսարձակի տակ բերելու առաջադրութեամբ: Սփիւռքի մէջ հայկական համայնքները նաեւ իրենց կարգին յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպած են զանազան նախաձեռնութիւններ:

Լիբանանահայ գաղութի պարագային այս թուականի նշումը կը պարփակէ շատ աւելի խորիմաստ պատգամ ու թելադրականութիւն, որովհետեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն կարեւոր մէկ մասը հետագային հաստատուեցաւ Լիբանան եւ հիմնական դերակատար դարձաւ համայնքի հաւաքական  կեանքի կազմակերպման: Այսօ՛ր, այդ նուիրեալներէն պատկառելի թիւ մը իր յաւիտենական հանգիստը գտած է այս հայրենիքին մէջ:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ բարձրացած այս նոր յուշակոթողը Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց մատրան կողքին կոչուած է դառնալու մնայուն յուշարար մը հայութեան վերապրումի ու վերականգնումի աննահանջ երթին եւ յարգանքի մնայուն արտայայտիչ` 28 մայիսը կերտած բազում հերոսներուն եւ նուիրեալներուն:

Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտի՛ր, չորեքշաբթի, 21 մարտին ներկայ գտնուելու այս պատմական իրադարձութեան եւ հաղորդուելու 28 մայիսի անժամանցելի պատգամով ու խորհուրդով:

Ժողովուրդին փոխադրութիւնը դիւրացնելու համար հայկական տարբեր թաղամասերու մէջ պիտի տրամադրուին փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 4:00-ին ժողովուրդը պիտի փոխադրեն Անթիլիասի մայրավանք:

Փոխադրակառքերու կեդրոններ`

– Ազգային ծերանոցին դիմաց, ժողովրդային շէնքեր, Պուրճ Համուտ
– «Արին» կեդրոն, Պուրճ Համուտ
– Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին դիմաց, Պուրճ Համուտ
– «Թեհլիրեան» ակումբ, Ամանոս
– Երկաթէ կամուրջին մօտ, Հաճըն
– ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոն, Տըպպայէ
– Ֆանարի ժողովրդային տուներ
– Ռաուտայի ժողովրդային տուներ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եթէ Ի Վերջոյ Որոշենք, Որ Թեկնածութիւնս Պիտի Առաջադրուի, Ապա Ատիկա Իմ Կողմէ Պիտի Ըլլայ Մէկ Յաւելումով»

Յաջորդը

Նէյմար Աշխատավարձի Յաւելում Կը Պահանջէ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.