Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կը Յայտարարէ, Թէ Թրքական Բանակը Ամբողջովին Գրաւած Է Աֆրինը

March 19, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, թէ Աֆրին քաղաքի կեդրոնը «ամբողջովին հակակշիռի տակ առնուած է», եւ քաղաքին մէջ թրքական դրօշներ բարձրացուած են:

Էրտողան Չանաքալէի ճակատամարտի 103-ամեակի նշումին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազատ բանակը այսօր առաւօտեան քաղաքը առաւ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ»:

«Թուրքիան ու թուրքերը, ինչպէս նաեւ Սուրիան ու սուրիացիները պիտի յիշեն այս օրը, երբ Աֆրինը ազատագրեցինք ահաբեկիչներէն: Ահաբեկիչներուն դէմ այս մեծ յաղթանակը շնորհաւոր ըլլայ Թուրքիոյ եւ Աֆրինի բնակիչներուն»:

Նախքան այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ թրքական բանակը գրաւած է Աֆրին քաղաքի երկու երրորդը եւ հասած Ուաթանիէ հրապարակ` նշելով, որ քաղաքին մէջ թրքական ուժերուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ բուռն բախումներ ծագած են` աւելցնելով, որ այդ բախումները կը շարունակուին:

«Մայատին» նաեւ նշեց, որ Աֆրինէն գաղթող տեղահանուածներու շարքին զոհերուն թիւը հինգ է:

«Մայատին»-ի տեղեկութեանց համաձայն, թրքական բանակն ու անոր դաշնակից զինեալները յարձակումէն առաջ գրաւած են Աֆրինի արեւելեան, արեւմտեան եւ հիւսիսային մուտքերը, սակայն ազատ ձգուած է չորրորդ մուտքը, որուն ճամբով բնակիչները կ՛ուղղուին դէպի Ժապալ Ահլամ:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ ներկայիս բախումներ տեղի կ՛ունենան քաղաքին մէջ, որուն կարգ մը թաղամասերուն կը տիրեն թրքական ուժերն ու անոնց դաշնակից զինեալները:

 

Նախորդը

Ասատ Այցելեց Արեւելեան Ղութայի Մէջ Սուրիական Բանակի Առաջին Գիծ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Նախագահական Ընտրութիւն. Փութին Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.