Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-սիքսի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 18 մարտին:
Այդ մրցումներուն մասնակցող վեց խումբերն են` ՀՄԸՄ Պէյրութ, Ապնաա Շեքքա, Մուաուատ, Քալաաթ Թըպնին, Մաշաալ Պըտնայել եւ Անտաքըթ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը իր առաջին մրցումը կը կատարէ Անտաքըթ խումբին դէմ, երբ վաղը` կիրակի, 18 մարտի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, կը մրցի անոր դէմ, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը այս մրցումին:


