«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, ցարդ միայն չորս խումբեր ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Այդ չորս խումբերն են` Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Պոսթըն Սելթիքս (Արեւելեան շրջան), Հիուսթըն Ռոքեթց եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (Արեւմտեան շրջան):
Ցարդ փլէյ-օֆէն վերջնականապէս դուրս մնացած կազմերն են` Պրուքլին Նեթց, Օրլանտօ Մեճիք, Աթլանթա Հոքս (Արեւելեան շրջան), Տալաս Մավըրիքս, Սաքրամենթօ Քինկզ, Ֆէոնիքս Սանզ եւ Մեմֆիս Կրիզլիզ (Արեւմտեան շրջան):
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 35 կէտ, բայց անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, 113-105 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտին վրայ:



