Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, մոնթենեկրոցի Միոտրակ Ռատոլովիչ հրապարակեց 23 մարզիկներու անունները, որոնք երկուշաբթի, 19 մարտին պիտի սկսին իրենց փորձերուն` պատրաստուելու համար երեքշաբթի, 27 մարտին, Մալեզիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ:
Այս մրցումը Լիբանանի համար պիտի ըլլայ զտումի վերջին ճակատումը:



