Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբերը յայտնեց, թէ թրքական ուժերը հինգշաբթի գիշեր ռմբակոծած են Աֆրին քաղաքը եւ սպաննած աւելի քան 20 անձեր` նշելով, որ քիւրտ զինեալները հիւսիսէն քաղաք ներխուժել փորձող թրքական բանակին եւ անոր դաշնակից զինեալներուն դէմ կռիւներ կը մղեն:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ հինգշաբթի գիշեր թրքական օդուժին կողմէ Աֆրինի ռմբակոծման պատճառով սպաննուած են 18 քաղաքայիններ, որոնցմէ 5-ը` երեխաներ, իսկ 45 քաղաքայիններ վիրաւորուած են:
Դիտարանը նշեց, որ թրքական օդուժը ռմբակոծած է Աֆրինէն փախուստ տուող գաղթականները` արգելակելու համար անոնց շարժումը եւ զանոնք մղելու փախուստ տալու դէպի Աֆրինի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ:
Դիտարանը յայտնեց, որ երէկ գիշեր աւելի քան 2500 անձեր քաղաքէն դէպի անոր գիւղական շրջանները, դէպի սուրիական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող Նուպլ եւ Զահրա գիւղեր փախուստ տուած են:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտնեց, որ վերջին ժամերուն Աֆրին ներխուժելու թրքական բանակի փորձերը ձախողութեան մատնուած են, սակայն թրքական ուժերը յաջողած են Աֆրինի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ բուռն բախումներու եւ ցամաքային ու օդային բուռն ռմբակոծումի տակ յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական ուժերը երէկ գրաւած են Աֆրինի հարաւը գտնուող Մըսքէ Ֆաուքանի եւ Մըսքէ Թահթանի գիւղերը, ինչպէս նաեւ թիւ 524 եւ 544 բլուրները, որոնք ռազմավարական նշանակութիւն ունին:
Մինչ այդ, թրքական բանակը երէկ Աֆրինի վրայ նետեց թռուցիկներ, որոնք քիւրտ զինեալներուն կոչ կ՛ուղղէին անձնատուր ըլլալու եւ «Թուրքիոյ արդարութեան ու թրքական ուժերուն վստահելու»:



