Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Խաչի Օրհնութիւն Եւ Օծում

March 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 16 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հսկումի արարողութիւն եւ Ս. խաչի օրհնութիւն ու օծում` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն:

Արդարեւ, յընթացս Հսկումի արարողութեան, առաջնորդ սրբազան հայրը կատարեց եկեղեցւոյ նոր խաչին օրհնութիւնն ու օծումը:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ողջունեց դպրեվանքի սաներուն ներկայութիւնը, որոնք Մեծ պահոց առիթով հերթաբար մեր եկեղեցիները այցելելով կատարեցին սրբազան արարողութիւններ` խրախուսելու եւ ջերմեռանդութեան հրաւիրելու հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան մաղթեց, որ մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակներուն քայլերը դէպի դպրեվանք ուղղուին, որպէսզի այնտեղ հոգեմտաւոր կազմաւորումով անոնք պատրաստուին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ծառայական կեանքին:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը  խնդակցութիւն յայտնեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ բարեզարդման այն բոլոր ճիգերուն համար, որոնց մէջ եկեղեցին ինքզինք գտաւ անցնող քանի մը ամիսներուն: «Ահաւասիկ այդ բոլոր աշխատանքներուն պսակումը այսօր կը հանդիսանայ մեծադիր խաչի օծման կարգը, որ պիտի զարդարէ եկեղեցւոյ գմբէթը` առաւել եւս պայծառութեամբ շողացնելու համար Ս. խաչը այս բարձունքին վրայ», հաստատեց սրբազան հայրը եւ իր գնահատանքը արձանագրեց խաչի բարերար Սարգիս եւ Քրիստ Աճէմեաններուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ իրականացուցին այս ծրագիրը եւ շարունակաբար եկեղեցւոյ օգտակար կը հանդիսանան: Սրբազան հայրը գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ անոր շուրջ բոլորուած յարակից մարմիններն ու կառոյցները, որոնք իրենց աշխատանքով կանգուն կը պահեն եկեղեցին` մաղթելով, որ բոլորը լիովին վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու բարիքները իրենց կեանքին մէջ, որպէսզի շարունակաբար նուիրումով եւ գիտակցօրէն ու հաւատքով իրենց ծառայութիւնը շարունակեն ընծայել եկեղեցւոյ ճամբով` ժողովուրդին:

Աւարտին եկեղեցւոյ «Պիաթրիս Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` մասնակցութեամբ դպրեվանքի սաներուն:

Նշենք, որ Ս. խաչին տեղադրումը գմբէթին վրայ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 19 մարտին:

 

Նախորդը

Մեր Ազնիւը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.