Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ – Պէյրութ. Ձիւնագնացութիւն Դէպի Լիբանանի Լեռները

March 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ  

Շաբաթ, 24 եւ կիրակի 25 փետրուար 2018-ին ՀՄԸՄ Պէյրութի խմբապետութիւնը ձիւնագնացութիւն մը կազմակերպած էր Քեսըրուանի շրջան Աժալթունի կողմերը:

Արի, արենուշ, գայլիկ, արծուիկ, մոկլի` շուրջ 150 հոգի, օրեր առաջ խնամքով պատրաստելով իրենց քնապարկերը, ձիւնի համար հաստ վերարկուներ, կօշիկներ, շաբաթ օր անհամբերութեամբ մեկնումի ժամին կը սպասէին, մանաւանդ` փոքրիկները, որոնք առաջին անգամ կը մասնակցէին ձիւնագնացութեան: Արի, արենուշ` շուրջ 50 հոգի, շաբաթ առաւօտ արդէն մեկնած էին լեռ` իրենց բանակատեղին. սակայն ցուրտին պատճառով յարմար նկատուած էր «Սան սիթի» պանդոկը իջեւանիլ:

Գայլիկ, արծուիկ, մոկլի` 100 հոգի, ժամը 2:00-ին ծանրաբեռնուած պայուսակներով կը սպասէին ակումբին բակը: Ծնողները իրենց զաւակները վստահելով խմբապետներու խնամքին` արդէն գացած էին իրենց առօրեայ աշխատանքին: Ժամը 3:00-ին խումբը փոխադրող հանրակառքերը պատրաստ էին: Գայլիկ, արծուիկ, մոկլի, շալկելով իրենց բեռները, տասնապետներու առաջնորդութեամբ, կարգով, տնքալով, ուրախ-զուարթ կ՛ուղղուէին դէպի հանրակառք: Կարգ մը յամեցած ծնողներ ուրախութեան արցունքով կը հետեւէին ծանրաբեռնուած ձագուկներու երթին` աղօթելով, որ անոնք լաւ ժամանակ անցընեն ու ապահով վերադառնան:

Առաւօտուն մեկնող երէցները արդէն կանուխէն հասած էին պանդոկ, ապա` բարձրացած ձիւնածածկ բլուրները: Կէսօրին վերադառնալով պանդոկ` ճաշէն ետք հանգստացան, ապա խմբապետները նոր գիտելիքներով ու խաղերով զբաղեցուցին զիրենք:

Փոքրիկները երեկոյեան ժամը 5:00-ին կը հասնին պանդոկ. իրենց ծանր բեռները մէկդի կը նետեն ու հագուելով լողազգեստները կը նետուին տաք ջուրով աւազանը: Ընթրիքին, մինչեւ ուշ գիշեր, տեղի կ՛ունենան երգ ու խաղեր, ապա անկողին կը մտնեն` յանձնուելու երազի աշխարհին: Յաջորդ օրը առտու կանուխ, փոքրերը ոտքի են. նախաճաշ ընելէ ետք կը մեկնին դէպի ձիւնածածկ բլուրները` ձիւնագնդակ խաղալու, ձիւնեմարդ շինելու ու զուարճանալու : Կէսօրին յոգնած կը վերադառնան պանդոկ, ճաշելէ եւ քիչ մը հանգիստ ընելէ ետք կը վերադառնան քաղաք` ակումբ, ուր ծնողները անհամբեր զիրենք կը սպասեն:

Արի-արենուշ նոյնպէս հաճելի երկու օր կ՛անցընեն` խաղերով, նոր գիտելիքներով ու երգերով, ապա կը վերադառնան տուն, իրենց առօրեայ կեանքին, սպասելով յաջորդ տարուան ձիւնագնացութեան, բայց մինչեւ յաջորդ տարին շատ բան կայ ընելիք:

Ամէն շաբաթ երեկոյ, ժամը 4:00-ին, շուրջ 200 հոգի` արի, արենուշ, գայլիկ, արծուիկ, մոկլի կը հաւաքուին ակումբին բացօթեայ դաշտը` կանոնաւոր շարքերով, իրենց առաջնորդներով: Քիչ ետք կը հնչէ ընդհանուր խմբապետին ձայնը. «Հանգի՛ստ, պատրա՛ստ. սկաուտը մի՛շտ պատրաստ. հանգի՛ստ, պատրա՛ստ, բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Անդին դրօշակի արարողութեան համար երեք արիներ կը մօտենան դաշտին եզերքը սիւներու վրայ կախուած դրօշակներուն ու կը սկսին բարձրացնել զանոնք, մինչ այդ ամբողջ խումբը պատուի կը կենայ ու կ՛երգէ «Ո՛վ հայ արի» քայլերգը: Յետոյ ամէն մէկ խումբ կը քաշուի սենեակ մը, ուր տեղի կ՛ունենան` գիտելիքներու փոխանցում, երգ,  խաղեր: Ժամը 6:30-ին կրկին կը հաւաքուին դաշտ, պատուի կենալով` կ՛երգեն «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգը` միշտ շեշտը դնելով «Յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անվեհեր, դէպի յաղթանակ»  բառերուն վրայ, մինչ երգին միւս բառերը կը կորսուին անորոշութեան մէջ: Երբ ընդհանուր խմբապետը կը յայտարարէ, որ ազատ են, ամէն կողմէ ուրախութեան աղմուկ մը կը բարձրանայ: Անհամբեր ծնողներ իրենց զաւակները առնելով, կը վերադառնան տուն` սպասելով յաջորդ շաբթուան:

Հետաքրքրական է նշել, որ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի արիական շարժումը զօրաւոր քաշողական ուժ մը ունի, որ անբացատրելի է: Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերէն, հեռաւոր արուարձաններէն, արիական շարժումի անդամները ամէն շաբաթ կը վազեն ու կու գան Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի ակումբ` հակառակ երթեւեկութեան դժուարութեան  ու կառատուներու անհասանելիութեան: Պէյրութի արիական շարժումի 300 անդամներէն շուրջ 200 հոգի ամէն շաբաթ ներկայ կ՛ըլլան արիական հաւաքին: Ո՞ւր է ասոր գաղտնիքը. լաւ կազմակերպուածութի՞ւնը , անշահախնդիր, անձնազոհ ղեկավարութի՞ւնը եւ անաչար վերաբերմո՞ւնքը: Պէյրութի մէջ գոյութիւն ունեցող միակ հայկական ակումբն է, եթէ նկատի չառնենք Պէյրութի ծայրամասը գտնուող Խալիլ Պատաուիի ՀՄՄ-ի ակումբը:

Արիական շարժումը հետաքրքրական խորհուրդ մը ունի իր մէջ, որ իւրայատուկ է: Այն դաստիարակութիւնը, որ կը տրուի շարժումին կողմէ, ո՛չ դպրոցներու եւ ո՛չ ալ այլ հաստատութիւններու մէջ գոյութիւն ունի: Անգլիացի սպայ մը` Ռոպէրթ Պէյտըն Փաուըլ, որ իր ունեցած պատերազմական եւ հասարակական կեանքի փորձառութիւնները ի մի հաւաքելով` ուզած է ծառայեցնել պատանիին բարի նկարագրի կազմաւորման ու զարգացման, հիմնած է սկաուտական շարժումը 1908-ին, Լոնտոնի մէջ, որ շուտով ընդգրկած է Անգլիոյ ամբողջ տարածքը եւ տասնեակ տարիներ ետք տարածուած` աշխարհի բոլոր կողմերը, առանց խտրութիւն դնելու ցեղի, կրօնի, գոյնի, լեզուի ու սեռի: Ան իր գոյութիւնը կը պահէ 110 տարիներէ ի վեր ու հաւանաբար ալ իր գոյութիւնը շարունակէ պահել դարեր շարունակ:

Ի՞նչ է սկզբունքը այս կազմակերպութեան:

Դաստիարակել պատանին, սիրել տալ բնութիւնը, հնազանդիլ սորվեցնել, ինչպէս նաեւ` յարգել մեծերը եւ սիրել փոքրերը, օգնել անկարին ու ամէն օր բարիք մը ընել:

Ահա, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ լորտ Պէյտըն Փաուլը.

– Կեանքի մէջ չկայ աւելի ազնուական բան, քան` ուրիշ մը երջանկացնելու ճիգը:

– Սկաուտը միշտ պատրաստ է ամէն անակնկալ դժուարութիւններու առջեւ ու գիտէ զանոնք յաղթահարելու միջոցը:

«Մի՛շտ պատրաստ. բարձրաձի՛ր, բարձրացո՛ւր»:

14 մարտ 2018

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Բ.- Ո՛վ Ի՞նչ Կորսնցուց Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն Չեղեալ Հռչակումով

Յաջորդը

Սովորական Ֆաշիզմ` Ազրպէյճանական Տարբերակներով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.