Կազմակերպութեամբ Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2018 տարեշրջանի բացման Ա. հանգրուանը, երբ տեղի ունեցան չորս դասակարգի տարբեր տեսակի ախոյեանութեան մրցումները:
Առաւելագոյն 15 ոսկի մետալներէն 10-ին տիրացաւ Մոն լա Սալ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն, մարզիկներուն ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:



