Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կիրակի, 18 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին աւարտականը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: