Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ ընդունած է Լեռնալիբանանի նահանգի յանձնախումբի փոխնախագահ Քրիսթիան Ղոշի հրաժարականը: Վերջինս հրաժարած էր անձնական պատճառով:
Ֆետերասիոնի անդամ Ուիսամ Շիրի պիտի գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ պիտի մեկնի Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 29 ապրիլէն 6 մայիս տեղի ունենալիք փինկ փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը ազդարարեց մարզիկ Մոհամետ Հապաշը, որ առանց իր արտօնութեան Սաատէտտին Հապաշը եւ Մոհամետ Հապաշը մասնակցիլ տուաւ Քաթարի ֆետերասիոնին կազմակերպած փոքրերու մէկ բանակումին:
Նոյն պատճառով ազդարարութիւն ստացան նաեւ Ռոք Հաքիմ եւ Ֆետի Քիուան:
Ֆետերասիոնը վերջին անգամ ըլլալով զգուշացուց անխտիր բոլոր մարզիկները, որոնք առանց իր արտօնութեան իրաւունք չունին մասնակցելու որեւէ տեսակի տեղական մրցաշարքի կամ մեկնելու միջազգային բանակումի:


