Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրես

March 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 մարտին այցելած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրես:

Նախագահը հանդիպում ունեցած է արտաքին հարցերու յանձնախումբի խումբ մը անդամներու հետ, քննարկած Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Այնուհետեւ` Քոնկրեսին մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն` նուիրուած արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու  օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինին մէջ կազմակերպուած հանդիպումները` նշելով, որ անոնք նաեւ կը բարձրացնեն «մեր պատասխանատուութեան աստիճանը` յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու, երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ»:

«Ես լաւատես եմ` այդպէս ալ պիտի ըլլայ, քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մենք կը դիտարկենք իբրեւ բարեկամ երկիր, պետութիւն, որ միլիոնաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք: Լաւատես եմ, որովհետեւ մենք այստեղ ունինք հաւատարիմ, ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ, որոնք արդէն երկար տարիներ մշտապէս Արցախի հետ եղած են, կ՛աջակցին մեր ժողովուրդին, աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն մեր երկրին մասին: Մենք բարձր կը գնահատենք մեր բարեկամական կապերը, որոնք կը նկատենք նաեւ մեծ հարստութիւն», իր ելոյթին մէջ շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ հանրապետութեան մէջ կարեւոր կը նկատեն ամերիկացիներու սատարումը Արցախին, եւ այստեղ իրենց ուրոյն տեղը ունին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը, բարեկամ քոնկրեսականներն ու ծերակուտականները:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ եւ արդարացի լուծման գործին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած է, կայ եւ պիտի մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններէն մէկը», ընդգծած է նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նախագահ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ  յանձնած է Միացեալ Նահանգներու խումբ մը քոնկրեսականներու եւ ծերակուտականներու` Արցախին սատարելու եւ Արցախ-Միացեալ Նահանգներ  յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:

Նախագահ Սահակեանը Բարձր Գնահատած Է
ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կառոյցի Գործունէութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 մարտին Ուաշինկթընի մէջ այցելած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակ, հանդիպում ունեցած կառոյցի ղեկավար կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Հայ դատի յանձնախումբին աշխատանքը ազգային տարբեր խնդիրներու լուծման գործին մէջ` երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախին վերաբերող հարցերը միշտ յատուկ ուշադրութեան կեդրոն պահելու համար:

Բակօ Սահակեան վստահութիւն յայտնած է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը միմիայն կ՛ամրապնդուի` օրինակելի որակելով կազմակերպութեան ազգանուէր գործունէութիւնը:

Նոյն օրը Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ղեկավար կազմին հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան, Միացեալ Նահանգներ-Արցախ կապերու զարգացման եւ խորացման  վերաբերող տարբեր հարցեր:

Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի կառոյցի գործունէութիւնը` ուղղուած Արցախի սատարման, համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման, Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման` յոյս յայտնելով, որ ապագային եւս աշխատանքները կը շարունակուին նոյն եռանդով եւ արդիւնաւէտութեամբ:

Արամ Համբարեան. «Բակօ Սահակեանի Այցելութիւնը Մեծ Նուաճում Է
Արցախ – Միացեալ Նահանգներ Յարաբերութիւններուն Համար»

«Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութիւնը մեծ նուաճում է Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն համար: Մերժելով Պաքուի անխոհեմ առաջարկը` խոչընդոտել երկկողմանի բանակցութիւնները, կ՛ընդունինք եւ  կը հաստատենք, որ Միացեալ Նահանգներ-Արցախ թափանցիկ բանակցութիւնները խաղաղութեան տանող միակ կարելի ճամբան են»,  նշած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

Հանդիպումին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիըր եւ Տէյվիտ Վալատաօ, փոխնախագահ Էտըմ Շիֆ եւ  ներկայացուցիչներ Տէյվիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշօ եւ Պրետ Շերման, հայկական պատուիրակութեան անդամներ` Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, խորհրդականներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Դաւիթ Մելքումեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան: Անոնց կ՛ընկերակցէին Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:

Պաքու Կը Բողոքէ Բակօ Սահակեանի Ուաշինկթըն Այցելութեան Դէմ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի, 14 մարտին բողոքագիր մը յանձնած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Սեքութային` այս օրերուն տեղի ունեցող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն այցելութեան գծով: Պաքու քննադատած է յատկապէս կարգ մը քոնկրեսականներու հետ Սահակեանի հանդիպումները` միաժամանակ կոչ ուղղելով Ամերիկային, որ յարգէ միջազգային սկզբունքները եւ վնաս չհասցնէ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան:

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Արա Յարութիւնեան Այցելած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Խորհրդարան

Յաջորդը

Խմբագրական. Ստեփանակերտի Ընկալելիութիւնը Ուաշինկթընի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.