Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Արա Յարութիւնեան Այցելած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Խորհրդարան

March 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիա գտնուող` Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը  այցելած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարան:

Ան այդտեղ հանդիպումներ ունեցած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբին հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:  Ներկայ էր նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան:

Հանդիպումը կը նախագահէր խորհրդարանի անդամ, Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ճոնաթան Օ՛Տեան: Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի կողքին կանգնելու համար` ճանչնալով անոր անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է յատկապէս Ճոնաթան Օ՛Տեային, Հիւ Մաք Տերմոդին, Տամիեն Թիւտհոփին մէկ ամիս առաջ խորհրդարանին մէջ Սումկայիթի ջարդերու 30-ամեակին առիթով ունեցած ելոյթներուն համար:

Արա Յարութիւնեան եղած է նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզի նահանգային խորհրդարանի յարակից Խաղաղութեան այգիին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին: 1997-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր որոշումը վերահաստատած է 2013 թուականին:

Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգը հոկտեմբեր 2012-ին ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Նախորդը

Յարգանքի Տուրք` Թեհլիրեանի Արդարահատոյց Գործողութեան

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Այցելեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրես

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.