Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանո-գերմանական բաժանմունքի բակը երէկ սովորականէն տարբեր եղած էր: Հոն տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած ձեռնարկը` նուիրուած հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 97-ամեակին:
Մասնակիցներուն հիւրասիրուեցաւ գինի եւ բաժնուեցան սթիքըրներ` Թեհլիրեանի պատկերով:
Այնուհետեւ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան անդամները ՀՄԸՄ-ի նուագախումբին հետ «Թումօ»-ի յարակից այգիէն ուղղուեցան դէպի Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրին:
Քայլերթին մասնակիցները «Արիւնոտ դրօշ», «Գետաշէն», «Գինի լից» հայրենասիրական երգերու ուղեկցութեամբ քալեցին դէպի հայ վրիժառուի կիսանդրին` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ նշելու պատմական օրը:



