Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հռոմ 2» Խորհրդաժողովը Կը Հաստատէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Կարեւորութիւնը

March 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն օժանդակելու նպատակով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:15-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հռոմի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ միջազգային գործակցութեան կեդրոնին մէջ` մասնակցութեամբ 41 երկիրներու:

Յայտնենք, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անճելինօ Ալֆանոյի հրաւէրով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւս երէկ Հռոմի մէջ մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ  Լիբանանի աջակցութեան նուիրուած նախարարական հանդիպումին:

Խորհրդաժողովէն առաջ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի եւ  վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ շուրջ քառորդ ժամ ետք խորհրդաժողովը սկսաւ` գլխաւորութեամբ Իտալիոյ եւ Լիբանանի վարչապետներուն:

Խորհրդաժողովին սկիզբը վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտակարգ պահեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովին անոնց ներկայութիւնը կը փաստէ, թէ շրջանին կայունութիւնը պահպանելու առումով Լիբանան եւ անոր դերակատարութիւնը որքա՛ն կարեւոր է: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ ինք յայտարարած են, թէ լիբանանեան Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը պիտի քննարկուի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նախագահ Աունի եւ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան զինեալ ուժերուն զօրակցելու միջազգային կամքին` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր կարգին յանձնառու է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն` պետական ամավարկին ընդմէջէն:

Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բոլոր ուժերը կառչած կը մնան Լիբանանը շրջանային հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան` պահպանելու համար արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ իրենց յարաբերութիւնները:

Հարիրի խնդրեց, որ Լիբանանին յաւելեալ առիթ տրուի` կառչած մնալու ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ արաբ եղբայրներուս, որոնք կը զօրակցին լիբանանեան ապահովական ուժերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը նախանձախնդիր է աշխատանքը ամբողջացնելու, որպէսզի մուտք գործէ բարեկարգումներու օրակարգ:

Հարիրի նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ հիմնական սպառնալիքն է, որ մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը գործէ երկրին գերիշխանութեան դէմ, «սակայն այդ ոտնձգութիւնները պէտք է կանգ առնեն, իսկ մենք յանձնառու կը մնանք Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ լիբանանեան բանակի յաւելեալ զօրամասեր պիտի ուղարկենք հարաւային Լիբանան: Անհրաժեշտ կը գտնենք նաեւ հարաւի մէջ տեղակայել արդի զէնքերով զինուած լիբանանեան բանակի այլ ջոկատ մը», աւելցուց Հարիրի:

Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքականութիւնն է երկրի ապահովական կառոյցներու ռազմավարութիւններուն ամրապնդումը, «իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ ընդարձակուած են` Լիբանան հասնող սուրիացի տեղահանուածներու մեծ թիւերուն պատճառով», եզրափակեց Հարիրի:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ  Կութիերես «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն յատկացուելիք օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը պիտի հզօրացնեն անոնց կարողութիւնները` պաշտպանելու երկրին ծովային սահմանները, ինչ որ թիւ 1701 բանաձեւի մարմնացում է:

Կութիերես հաստատեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը հասած է Լիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդ համեմատութեան եւ անիկա իր հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի ընկերային եւ ապահովական կացութեան վրայ: «Բայց եւ այնպէս, այդ առումով Լիբանան ցոյց տուաւ իր տոկունութիւնը` հակառակ մնացեալ բոլոր երկիրներուն: Հետեւաբար միջազգային ընտանիքը պէտք է զօրակցի եւ օժանդակէ Լիբանանին, որովհետեւ լիբանանցիները լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին, եւ իրենց բազմազանութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանեցին, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմէն ետք», ըսաւ ան:

Կութիերես հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ` շրջանին եւ աշխարհին համար: Ան նշեց, որ Լիբանանի նուիրատու երկիրները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են լիբանանեան բանակին զօրակցելու իմաստով: «Անոնցմէ գլխաւորները եղած են Իտալիան, Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան», ըսաւ ան:

Կութիերես բարձր գնահատեց վարչապետ Հարիրին եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը պահպանելու անոր ջանքերը` աւելցնելով, որ Լիբանանի կողմէ ժողովրդավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը կը դրսեւորուի մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններով: Ան ողջունեց Լիբանանի որդեգրած` ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը, աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները կը փաստեն, որ Լիբանան նախանձախնդիր է այդ քաղաքականութեան:

Կութիերես դրուատեց լիբանանեան բանակին տեղակայումը Լիթանիի շրջակայքը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ անոր գործակցութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու նպատակով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան, որ միջազգային ընտանիքին մէկ ու միացեալ պատկերացում ներկայացուցած էր` զէնքի ու զինամթերքի իր կարիքներուն մասին:

Կութիերես գնահատեց բանակի հրամանատարութեան կողմէ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը` բանակին մէջ ծառայող կիներու իրաւունքներուն նկատմամբ:

Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնի ողջունեց ներկաները` շեշտելով, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ անոնք հետզհետէ կ՛ամրապնդուին, «իսկ այսօրուան խորհրդաժողովը կ՛ընդգծէ եւ կ՛ամրապնդէ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը այդ յարաբերութեան», ըսաւ ան:

Ճենթիլիոնի շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը հիմնական է` ամրապնդելու համար Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութիւնը, աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի անվտանգութեան:

«Այս խորհրդաժողովը հզօր պատգամ մը ունի փոխանցելիք եւ անիկա հիմնական օրինակ մը կը նկատուի` ո՛չ միայն Լիբանանի զօրակցելու առումով, այլ նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւն ապահովելու առումով», ըսաւ ան:

Ճենթիլիոնի ընդգծեց, որ Լիբանանին տնտեսական օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան իմաստով միջազգային համախոհութիւն կայ: «Լիբանանին եւ անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը

հիմնական է եւ միջազգային պատասխանատուութիւն: Մենք միասնաբար պէտք է զօրակցինք Լիբանանի զինուորական հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան երկիրը պաշտպանել», հաստատեց ան:

Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Էլիսթեր Պըրթ լիբանանեան զինեալ ուժերուն 13 միլիոն տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն մը խոստացաւ:

Այս օժանդակութիւնը պիտի աւելնայ այն 110 միլիոն տոլարի օժանդակութեան, որ Բրիտանիոյ կողմէ խոստացուած է Լիբանանին տրամադրել մինչեւ 2019-ի աւարտը:

Պըրթ յայտնեց նաեւ, որ Բրիտանիա պիտի օժանդակէ ներքին ապահովութեան ուժերուն` վերածուելու ոստիկանութեան, ինչպէս նաեւ պիտի օժանդակէ ակադեմական մարզումներու մակարդակի բարելաւման: Ան նշեց, որ Լոնտոն պիտի զօրակցի լիբանանեան բանակին` պաշտպանելու երկրին հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանները` ապահովելով սահմաններու հսկողութեան համար պէտք եղած բոլոր սարքերը:

Պըրթ նշեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ մինչեւ 2019 11 հազար լիբանանցի բանակային զինուորական յատուկ մարզումներու ենթարկելու: Ան շնորհաւորեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը իրենց հայրենիքը եւ քաղաքացիները քաջաբար պաշտպանելու առիթով:

Ան նշեց, որ Բրիտանիա հպարտ կը զգայ Լիբանանին տրամադրած իր օժանդակութեամբ, «սակայն այդ օժանդակութիւնը անբաւարար է կայունութիւնը պահպանելու առումով, որովհետեւ պէտք է քաղաքական յստակ յառաջընթաց արձանագրել` հզօրացնելու համար լիբանանեան պետութիւնը: Կ՛ողջունեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յանձնառութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու առումով», ըսաւ Պըրթ եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ ու  ճշդուած թուականին կատարելու այդ ընտրութիւնները:

Պըրթ նշեց, թէ Բրիտանիա համոզուած է, որ ապահով եւ կայուն Լիբանանը բոլորին շահերուն կը ծառայէ: «Ձեր ապահովութիւնը մեր ապահովութենէն է», հաստատեց ան:

Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս

Խորհրդաժողովի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Հարիրի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ կատարեցին յայտարարութիւններ:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց իտալական իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ին, որոնք այդ ժողովը հիւրընկալեցին: Ան նշեց, որ «Հռոմ 2» խոստումներ տալու խորհրդաժողով մը չէ, այլ արդիւնաւորուած է լիբանանեան բանակին, ապահովական ուժերուն եւ կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ ներկաներուն համախոհական զօրակցութեամբ:

Հարիրի նշեց, որ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ հիմնական օժանդակութեան մասին երկիրները կը յայտարարեն: Ան աւելցուց, որ Լիբանան ճիգ չի խնայեր իր պետական հաստատութիւնները ամրապնդելու եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու: «Մենք սկսած ենք բարեկարգելու նաեւ երկրին տնտեսական կացութիւնը, որուն օժանդակութեան առումով Լիբանան պիտի մասնակցի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին, Փարիզ, իսկ աւելի ուշ` Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը թեթեւցնելու միջազգային խորհրդաժողովին, Պրիւքսելի մէջ», ընդգծեց վարչապետը:

Հարիրի յայտնեց, որ «Հռոմ 2»-ին մասնակցած 40 երկիրները պիտի սերտեն լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ներկայացուցած տարբեր ծրագիրները եւ իւրաքանչիւրը իր պիւտճէին հիման վրայ պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն 400 միլիոն եւրօ նուիրեց:

«Շնորհակալ եմ խորհրդաժողովին մասնակից բոլոր երկիրներուն, որոնք ընդգծեցին Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը», շեշտեց Հարիրի:

Իր կարգին, Ալֆանօ նշեց, որ 24 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ պիտի գումարուի միջազգային խորհրդաժողով մը` նուիրուած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին եւ Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ այդ տեղահանուածներու տագնապին պատճառած ընկերային հետեւանքներուն:

Ալֆանօ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ բարեկամական ամրապնդուած յարաբերութիւններ կան:

Նշենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան միացաւ Հարիրիի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ – զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր, վարչապետի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, Հարիրիի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մարուն Հըթթի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:

Հարիրիի Հանդիպումները

Նախքան խորհրդաժողովին սկսիլը, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Նատեր Հարիրի եւ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապան: Քննարկուեցան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի ներկայացուելիք ռուսական օժանդակութիւնը եւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պոկտանով յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը` նշելով, որ իրենք այդ խորհրդաժողովին կը մասնակցին` ընդառաջելով վարչապետ Հարիրիի եւ Իտալիոյ կառավարութեան հրաւէրին: «Լիբանանի հետ մեր յարաբերութիւնները հեզասահ են, իսկ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ` բոլոր մարզերուն մէջ, որոնց շարքին են նաեւ լիբանանեան բանակին կռուելու կարողութիւնները, որպէսզի ան կարենայ դիմադրել ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային: Ռուսիա սերտ գործակցութիւն ունի Լիբանանի կառավարութեան հետ, յատկապէս պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն հետ` զինուորական քատրերու պատրաստութեան եւ տեղեկութիւններու փոխանակման, ի մասնաւորի միջազգային ահաբեկչութեան վերաբերող տեղեկութիւններուն առումով», ըսաւ Պոկտանով:

Ան նշեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ իրենք ուրախ են, որ Պէյրութ-Մոսկուա քաղաքական երկխօսութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի` ինչ կը վերաբերի լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ տագնապին, Ծոցի երկիրներուն եւ Պաղեստինեան իշխանութեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքին:

«Շրջանին մէջ Լիբանան կարեւորագոյն երկիրներէն է, սակայն ան Իսրայէլի հետ խնդիրներ ունի, յատկապէս ցամաքային եւ ծովային սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Մենք միշտ կը զօրակցինք լիբանանցի մեր բարեկամներուն շահերը ապահովող ծրագիրներուն, եւ բոլորէն կը պահանջենք յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական շահերը», ըսաւ ան:

Պոկտանով դիտել տուաւ, որ Հարիրիի հետ քննարկած են նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հարցերը` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը բարդ է, գլխաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ընկերային եւ մարդկային պայմաններուն լոյսին տակ:

Պոկտանով ընդգծեց, որ իրենք համաձայնութիւն գոյացուցած են խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու` ապահովելով փոխադարձ շահերը:

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի հետ` ներկայութեամբ նախարարներ Մաշնուքի եւ Պասիլի, ինչպէս նաեւ Նատեր Հարիրիի:

Հարիրի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ պաշտպանութեան նախարարի օգնական Մոհամետ պըն Ապտալլա Այեշը` ներկայութեամբ նախարարներ Պասիլի եւ Մաշնուքի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական պատուիրակութեան նախագահ Ուալիտ Պուխարիի եւ Նատեր Հարիրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:

Հարիրի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Էլիսթեր Պըրթի, Կութիերեսի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Ֆահմիի հետ:

Պասիլի Հանդիպումները

Խորհրդաժողովին զուգահեռ Պասիլ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց Լիբանանի համար կարեւոր շարք մը հարցեր:

Այս շրջագիծին մէջ, Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ Էլիսթեր Պըրթի հետ: Քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր, Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ռուսական-բրիտանական նոր բռնկած տագնապը:

Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի հետ: Քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու կատարած բանակցութիւնները` գրաւեալ Պաղեստինի հետ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծում կատարելու շուրջ:

Պասիլ ընդունեց նաեւ կիպրացի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Անոնք համաձայնեցան Պէյրութի մէջ հանդիպիլ 28 մարտ 2018-ին:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանան – Եւրոպական Դրամատուն Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Յաջորդը

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են «Հարաւ-Արեւմուտք» Փոխադրական Միջանցքի Ստեղծումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.