«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան երկու մրցումներ:
Այսօր Մանչեսթըր Եունայթըտ կը հիւրընկալէ Սեւիլլան, իսկ Ա. Էս. Ռոմա` Շախտիոր Տոնեցքը:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Վաղը Պայէրն Միւնիխ հիւրը կ՛ըլլայ Պեշիքթաշի, մինչ Պարսելոնա կը հիւրընկալէ Չելսին:



