Նախորդ շաբաթավերջին Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Շանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2018-ի ձմեռնային փարալիմփիք խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը: Հայաստան այս խաղերուն ունի միայն մէկ ներկայացուցիչ` Սթասիկ Նազարեան, որ պիտի մասնակցի դահուկարշաւի 1 քմ սփրինթ մրցաձեւին:
12-րդ փարալիմփիք խաղերը մրցանշային են մասնակցողներու քանակով, արդարեւ 48 երկիրներէ 567 մարզիկներ ներկայացած են մրցումներուն: Ամէնէն մեծաթիւ պատուիրակութիւնը ունին Միացեալ Նահանգներ` 68:
Մինչեւ 18 մարտ տեղի պիտի ունենան վեց տեսակի մարզաձեւերու մրցումներ. դահուկարշաւ, լեռնադահուկարշաւ, պիաթլոն, սնոպորտ, հաքի, քըրլինկ:



