Միջազգային մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Լիլ – Մոնփելիէ 29-րդ հանգրուանի մրցումէն ետք (1-1) կատարուած անկարգութեան:
Իրենց կազմին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն ի տես, Լիլի շուրջ հարիւր համակիրներ, ներխուժելով դաշտ, յարձակեցան իրենց ակումբին ֆութպոլիստներուն վրայ: Վնասուածքներ ստացան Նիքոլայ Փեփէ եւ Ատամա Սումաորա, մինչ ակումբի նախագահ Ժերար Լոփեզի հասցէին ուղղուեցան բաւական ծանր խօսքեր:
Լիլ այժմ 28 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը, մինչ Մոնփելիէ 41 կէտով` 7-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Մոնփելիէի մարզիչն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին ֆութպոլիստ Միշել Տէր Զաքարեան:



