Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամօթի «Ճանապարհային Քարտէս»-ը Պատմութեան Անցած Է

March 13, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարտ 1-ը հայոց արդի պատմութեան մէջ կը յիշուի ճիշդ 10 տարի առաջ տեղի ունեցած խռովութիւններով, որոնք կայծակնային ձեւով տարածուեցան Երեւանի մէջ` պատճառ դառնալով ցոյցի, կողոպուտի, եղբայրասպանութեան: Աշխարհը այս անիշխանական մթնոլորտին ականատես կ՛ըլլար: Ցայսօր կարելի չէ եղած հետապնդել եւ դատի կանչել այս դէպքերուն ետին կանգնող անձնաւորութիւններն ու յանցապարտները:

«Մարտ մէկ»-եան այս տխրահռչակ օրերու տասնամեակին միացաւ այլ պատմական եղելութիւն մը: Արդարեւ, 1 մարտ 2018-ին Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ  կայացած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս չեղեալ նկատեց հայ-թուրք արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուած էին 10 հոկտեմբեր 2009-ին` հետեւելով նոյն տարուան ապրիլին հրապարակուած «ճանապարհային քարտէս»-ին:

Այսպէս, ինը տարի շարունակ «օդէն կախուած»-ի բնոյթ ունենալէ ետք, այդ արձանագրութիւնները ի վերջոյ ջնջուեցան:

Օրին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ամէն գնով կը փորձէր այս անկարելին յաջողցնել ու… կարելի դարձնել: Սակայն, ստորագրութեան արարողութենէն առաջ իսկ, Ցիւրիխի մէջ թրքական եւ հայկական պատուիրակութեանց միջեւ յայտարարութիւններու շուրջ ծագած բանավէճերը, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն օր մը ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կատարած յայտարարութիւնները եկած էին փաստելու, որ աշխատանքը հեզասահ ձեւով չէր ընթանար, եւ այս ճանապարհային քարտէսը ո՛չ թէ խորտուբորտ տարածք մը ցոյց կու տար, այլ, պարզ ու մեկին, ճանապարհ հասկացողութիւնը գոյութիւն չունէր:

Նշենք, որ այդ օրերուն Թուրքիոյ սուլթանամէտ նախագահ Էրտողանը վարչապետի պաշտօնը կը վարէր եւ ստորագրութեան օրերուն, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ամենայն յոխորտանքով յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, իսկ Ազրպէյճանի վիշտը` Թուրքիոյ վիշտը… եւ թէ` կարելի չէ վաւերացնել ստորագրուած արձանագրութիւնները, այնքան ատեն որ Ազրպէյճանի գրաւուած հողամասերը չեն պարպուած ու վերադարձուած:

Այսպէս, անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ թրքական խորամանկ մօտեցումը, որ արձանագրութիւններուն ստեղծած քաոսային մթնոլորտին միջոցով, այլ փոս մը կը փորէր` փորձելով անջատել հայրենիքն ու սփիւռքը:

Անցեալ անկատարներու շարքին անցաւ հրոյ ճարակ դառնալու թեկնածու «ստորին ստորագրութիւններ»-ու թղթածրար մը, որուն մէջ նոյնիսկ  ամենադոյզն հաստատումը չկար, թէ առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ Հայաստանի ապաշրջափակման` արձանագրութիւններով նշուած մնացեալ պարտաւորութիւնները պարզապէս գործադրելի չէին կրնար ըլլալ:

1 մարտ 2019… Վերջնական ո՛չ` բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ բացող մշուշապատ հայ-թրքական «ճանապարհային քարտէս»-ին:

 

Նախորդը

2016թ. Յեղաշրջման Փորձից Յետոյ Թուրքիայի Իշխանութիւնների Վարած Քաղաքականութիւնը Համշէնահայութեան Նկատմամբ

Յաջորդը

Իրաք Ներխուժումէն Տասնհինգ Տարի Ետք

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.