ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մարտ 8-ը ամբողջ աշխարհը կը հրաւիրէ կինը ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է ան` իբրեւ մայրութեան հրաշալիք, իբրեւ կեանքի աղբիւր, իբրեւ ինքզինք իրագործելու կոչուած առաքելուհի, ստեղծարար ներկայութիւն:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Մարտ ութը` որպէս Կնոջ միջազգային օր, առաջին անգամ ըլլալով նշուած է 1909 փետրուար 28-ին` հետագային փոխադրուելով մարտ 8-ի:
Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշուի խորհրդանշական ցոյցերով, տօնակատարութիւններով, խորհրդաժողովներով` փառաբանելու համար կնոջ ձեռք բերած նուաճումները` տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, նաեւ պահանջելու կնոջ ձեռք չբերուած իրաւունքները եւ բարելաւելու աշխարհի բոլոր կիներուն` մանաւանդ իրաւազրկուածներուն վիճակը: Մարտ 8-ը կարգ մը երկիրներու մէջ կորսնցուցած է իր իմաստը եւ միաձուլուած է Մայրերու օրուան եւ սիրահարներու օրուան հետ: Այս օրը մեծ շուքով կը նշուէր Խորհրդային Միութեան մէջ: Հայաստանի մէջ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այս օրուան տօնակատարութիւններուն կողքին նաեւ սկսաւ յիշուիլ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը ապրիլի 7-ին: Ներկայիս ամբողջ ամիս մը այս տօնը կը նշեն Հայաստանի մէջ` մարտ 8-էն մինչեւ ապրիլ 7-ը` իբրեւ կիներու տօն:
Ո՞վ է կինը:
Կնոջ մէջ հզօր ներուժ կայ, կինը երբ այդ ուժը բարի բաներու վրայ կեդրոնացնէ` իր իմաստութեամբ, քաղցրութեամբ ճկունութեամբ եւ հեզութեամբ, շատ բաներ կրնայ ընել կամ փոխել: Կրնայ նուաճել անյաղթահարելի դժուարութիւններ:
Նոր կտակարանին մէջ կինը Աստուծոյ շնորհքին կ՛արժանանայ, Աստուծոյ որդին կը մարդեղանայ կնոջ ճամբով: Այս իրողութիւնը մեծ յեղաշրջում մըն էր արական սեռի գերիշխանութեան տակ գտնուող կնոջ համար: Կինը ներկայութիւն կը դառնայ ոչ միայն Քրիստոսի առակներուն, հրաշքներուն ուսուցումներուն մէջ, ապա նաեւ փրկագործական խորհուրդին մաս կը կազմէ` սուրբ Մարիամ Աստուածածնի միջոցով` որպէս տիպար կին եւ օրինակելի մայր:
Քրիստոս եւ առաքեալները կը մերժեն հրեաներու, յոյներու ու հռոմայեցիներու մօտ ընդունուած այր մարդուն գերակայութիւնը կնոջ վրայ` շեշտելով այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը:
Հայ Կինը:
Առաջին դարերէն սկսեալ Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ կնոջ մասնակցութիւնը եղած է կարեւոր: Ունեցած ենք յայտնի ու անյայտ բազմաթիւ նուիրեալ կիներ: Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ կիներու մասին, որոնք կը նուիրուին բարեգործութեան եւ մանուկներու մտաւոր ու հոգեւոր դաստիարակութեան գործին, ինչպէս` հինգերորդ դարու Վարդանանց հերոսամարտի կիները, որոնք բնաւ չունեցան պահանջը իրենք զիրենք այրերէն բարձր դասելու, որովհետեւ արդէն անոնք գիտակից էին իրենց դերին եւ դերակատարութեան` իբրեւ մայր, կին, քոյր, իբրեւ դաստիարակ:
Հետագայ դարերուն կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Զապէլ թագուհի` Լեւոն Մեծագործի միակ դուստրը, Հեթումի թագակիցը, ուսեալ էր եւ 13 տարեկանէն արդէն իսկ Կիլիկիան կը կառավարէր: Սիս մայրաքաղաքին մէջ շինել տուած էր աղքատանոց եւ հիւանդանոց:
Հայ կինը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է եկեղեցիներու կառուցման գործին:
Մարիամ Բագրատունի: Սիւնեաց իշխանուհին էր, այրի եւ բարեպաշտ. եկեղեցիներ եւ մենաստաններ կառուցած էր: Ան կառուցած է Սեւանայ վանքը:
Հայ կինը պատմութեան ընթացքին եղած է նաեւ արուեստասէր: 10-րդ դարուն Խոսրովանուշ թագուհին` Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորի կողակիցը, կառուցել տուած է Հաղբատի եւ Սանահինի համալսարան-վանքերը, որոնց համար ծախսած է իր օժիտը: Ան ջանք չէ խնայած այդ դպրեվանքերը վերածելու ուսման եւ գիտութեան կեդրոններու:
Հայ կինն է դարձեալ, որ մեր ազատագրական շարժումներուն ընթացքին օրհնեց, ճամբայ դրաւ իր ամուսինը դէպի մարտի դաշտ` պաշտպանելու համար հայրենիքը, ինք եւս անոր կողքին զէնք վերցուց, երբ ելք չէր մնացած: Բազմաթիւ են հայ կին ֆետայիներու օրինակները:
Ռուբինեանց Հեթում սպարապետին կինը` Զարմանուհի տիկինը մեզի հերոսութեան ցայտուն օրինակ մը կու տայ: Երբ 1363 թուականին Սիս մայրաքաղաքը պաշարուեցաւ, ան իր ամուսնոյն կողքին կռուեցաւ եւ Ատանայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին իր ձեռքով սպաննեց մեմլուք զօրավար Էօմերը: Ռուբինեանց անկումէն ետք, երբ ամուսինը դաւադրաբար սպաննուեցաւ, Զարմանուհի տիկինը իր Գէորգ զաւկին հետ ապաստանեցաւ լեռները: Հինգ տարի աստանդական կեանք վարելէ ետք, ի վերջոյ, յաջողեցաւ 300 քաջ լեռնականներ հաւաքել իր դրօշին տակ. հերոս հայուհին յարձակեցաւ թուրքերուն վրայ` իր ընթացքով ցոյց տալով հայ կնոջ հայրենասիրութեան եւ ազատատենչութեան անընկճելի ոգին:
Անպարտելի հայ կնոջ ոգիին գեղեցիկ օրինակը տուած է նաեւ 12-րդ դարուն Այծեմնիկ տիկինը կամ` Այծեամ Անեցին, երբ պարսկական ու արաբական զօրքերը գրոհեցին Անիի վրայ, ժողովուրդը դիմեց ինքնապաշտպանութեան: Այծեմնիկ տիկին արիաբար դիրքէ դիրք վազեց մարտիկները խրախուսելու համար` առանց ուշադրութիւն դարձնելու իր ստացած վէրքերուն: Ազատասէր տիկնոջ օրինակը խանդավառեց բոլորը, որուն շնորհիւ` հայերը կրցան ետ մղել թշնամին:
Յիշեալ կիները բոլորն ալ ազնուական դասակարգին կը պատկանէին, սակայն այս նոյն հզօր ոգին կը տիրէր նաեւ հասարակ ժողովուրդին մէջ:
Հայ կնոջ դերը մեծ նշանակութիւն ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, մանաւանդ` ողբերգական պայմաններուն մէջ: Որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները խնամելու, աղքատներն ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը: Աշխէն թագուհի եւ Շուշանիկ Պահլաւունի ցայտուն օրինակներ են հայ կնոջ նուիրուածութեան:
Մեծ եղեռնի օրերուն Տէր Զօրի աւազներուն վրայ հայ կինը եղաւ ուսուցչուհի եւ մայր:
Պոլսոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ կին գործիչներ եւ մտաւորականներ կը գործէին ընդհատակեայ: Գրող, դերասան, բժշկուհի, արուեստագիտուհի, ուսեալ, միանձնուհի` բոլորն ալ զոհ գացին Մեծ եղեռնին, եւ որոնց մասին չունինք բաւարար տեղեկութիւններ:
Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ազնուական տոհմերու պատկանող տիկիններու մեկենասութեամբ գրի առնուած բազմաթիւ ձեռագիրները եւ անոնց բարերարութեամբ կառուցուած եկեղեցիները, կանգնեցուած խաչքարերը եղած են անոնց մտայղացման արդիւնքը: Զարթօնքի շրջանէն սկսեալ հայուհիներ մասնակցած են մեր գրականութեան զարգացման եւ կազմաւորման գործին, ինչպէս` Սրբուհի Տիւսաբ, որ ստացած էր եւրոպական կրթութիւն եւ եղած էր ֆեմինիստական շարժման ջատագովներէն. նոյնպէս հայ թատրոնն ու երաժշտութիւնը եւ հայ արուեստի տարբեր բնագաւառներ հայուհիներու ձեռամբ արձանագրած են նուաճումներ:
Եղեռնի օրերուն հրաշքով փրկուած կարգ մը մտաւորականներու կողքին, փրկուած է նաեւ մտաւորական Զապէլ Եսայեանը, որ յայտնուած էր երիտթուրքերու «Սեւ ցուցակ»-ին մէջ: Ան չկիսեց միւս հայ գրողներուն ճակատագիրը` իր գործադրած հզօր ջանքերուն շնորհիւ:
Երբ թուրք ոստիկաններ շքամուտքին առջեւ հարցուցած են, թէ ի՞նքն է արդեօք Զապէլ Եսայեանը, ան պատասխանած է. «Ո՛չ, Զապէլը ներսն է»: Եւ կրցած է ծպտուած դուրս գալ Թուրքիայէն: Թրքական եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, Փարիզ ուսանած Եսայեան զոհը դարձաւ ստալինեան եղեռնին`ճաշակելով համայնավարութեան բանտի անլուր չարչարանքները, թաղուելով անծանօթ վայրի մը մէջ: Իր մահէն ետք իրմէ մեզի կը հասնի 19 նամակ` գրուած Երեւանի, Լենինականի, Պաքուի բանտերէն, հասցէագրուած իր որդւոյն` Հրանդին, աղջկան` Սոֆիին եւ հարսին` Բերկրուհիին, փոստային բացիկներու եւ թուղթի պատառիկներու վրայ գրուած:
Հետագային մեծ լռութիւն մը կը տիրէ գրողին անուան շուրջ, մինչեւ այն պահը, երբ խորհրդային հասարակարգը կ՛արժեւորէ զինք:
Երբ իր զաւակներուն հետ1933 թուականին Փարիզէն կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան, Եսայեան կ՛ընդունուի Համայնավար կուսակցութեան շարքերը, այդ պատճառով ալ թերեւս սփիւռքի մէջ կը զրկուի իր հեղինակութենէն: Ան Հայաստանի մէջ աշխատանք տարած է հայ տարագիրներու եւ որբերու հաւաքագրման եւ տեղաւորման գործին մէջ: Երբ անոր հարցուցած են, թէ ինչպէ՞ս կը դիմանար Երեւանի պայմանններուն «բարեկեցիկ Փարիզէն ետք», պատասխանած է. «Անյարմարութիւնները ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ինծի համար, քանի որ ես կը մասնակցիմ իմ երկրիս ապագայի կառուցման»…
Եսայեան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ` իբրեւ դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով: Ան տարածած է ազատամիտ գաղափարներ` կնոջ բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու համար: Ջանացած է հերքել կնոջ կարողութիւնները ստորադասող կարծիքները:Ան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը ծնած է իր խելքը, մտային,բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ` երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»: Ան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ` իբրեւ գործօն դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրաւունքներով:
Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ) ամուսնոյն` Հրանդ Ասատուրի հետ, աղէտի տարիներուն թաքնուելով Պոլսոյ մէջ, փրկուեցաւ թուրքին դանակէն: Ան մտաւորական շարժում ու գրական հոսանք յառաջացուց պոլսահայ իրականութեան մէջ, 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը: Ան Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան հիմնադրութեան նախաձեռնողներէն մին եղաւ: Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ հայուհիներու համար դպրոցներ բանալու նպատակը հետապնդեց: Քառորդ դար այդ ընկերութիւնը գոյատեւեց` հոգալով կրթաթոշակը հայուհիներու ուսման: Իսկ հետագային լծուեցաւ ջարդերու պատճառով անտէր մնացած որբերու հոգատարութեան:
Սիպիլ իր երկրորդ ամուսինին` Հրանդ Ասատուրի հետ հայոց լեզուի, քերականութեան եւ գրական ընթերցումներու «Թանգարան» անունով դասագիրքերու շարքը կը պատրաստէ, որ ամբողջ քառորդ դար կը ծառայէ հայ սերունդի դաստիարակութեան գործին: Սիպիլ հայ կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ազատութեան գրական դպրոցը ստեղծեց իր ստեղծագործութիւններով, ինչպէս` Զապէլ Եսայեան:
Հրանուշ Մարք, որ կինն էր Երուանդ Թոլայեանի, կը խմբագրէր կնոջական թերթ մը, նոյն ատեն յօդուածներ կը գրէր պոլսահայ մամուլին մէջ Եղեռնի տարիներուն:
Մարի Պէյլերեան Գահիրէի մէջ կը հրատարակէ «Արտեմիս» անունով կնոջական պարբերաթերթ մը, Մեծ եղեռնի նախօրեակին գործով Պոլիս կը գտնուի եւ կը նահատակուի մնացեալ մտաւորականներուն հետ:
Հայ կնոջ իսկական առաքելութիւնը առաքինի կին, ինչո՞ւ չէ, մայր դառնալուն մէջ է նաեւ, որուն մէջ կայ մեծ կոչում ու նպատակ: Եթէ առողջ է հայ կինը, առողջ է հայ մայրը, առողջ է նաեւ հայութիւնը, հետեւաբար առողջ հոգիով մօր կամ հայ կնոջ պարտքն է արթուն հսկել իբրեւ պահապան հրեշտակ իր ընտանիքին վրայ` մայրենի լեզուին նկատմամբ իր ունեցած նախանձախնդրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:
Ընտանիքը հայ ժողովուրդին համար փոքրիկ եկեղեցի է, դպրոց եւ հայրենիք: Իսկ առաքինի կինը պիտի դառնայ առաքինի հայ մայր, որ կարենայ բարոյական ճշմարտութիւններով սնած սերունդ դաստիարակել: Չափանիշներ եւ սահմաններ ճշդել իր զաւակներուն: Հայ առաքինի կինը գիտակից է իր կոչումին, լաւատես ու անկեղծ է, միաժամանակ` իր անհատականութիւնն ու հեղինակութիւնը պահող:
Հայ կինը ոչ միայն գործերով պէտք է փաստէ իր ներկայութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, նաեւ իր դրական խօսքերով քաջալերէ եւ ուժ տայ իր շրջապատին: Բնաւ բացասական կեցուածք պէտք չէ ունենայ ան: Հակամէտ պէտք է ըլլայ ուրախառիթ եւ փոքր պատահարները գոհունակութեամբ զուարթութեան առիթներու վերածելու` լաւ գիտակցելով, որ միշտ ժխտական եւ բացասական զգացումներ ունենալը կը սպառեն ուժերը, ինչպէս բարկութիւնը, ատելութիւնը, յանցաւորութեան զգացումը, կասկածը, նախանձը, ընկճուածութիւնը, զոհի կարգավիճակով հանդէս գալը: Պէտք է ըլլայ նախաձեռնող եւ լաւատես` թոյլ չտալով , որ բացասական զգացումներ զինք իրենց իշխանութեան տակ առնեն: Արագօրէն պէտք է վերականգնէ ինքզինք:
Խրիմեան Հայրիկ կ՛ըսէ. «Մի տուն հաստատ կը լինի, եթէ հոն մայրենի կրթութիւն կայ: Ուրեմն կին արմատն էլ պէտք է գիտնայ, հասկնայ աստուածային պատուէրներ, որոնք բովանդակուած են Հին ու Նոր կտակարաններու մէջ: Ինչպէ՞ս կարող է կարդալ, հասկնալ Աստուածաշունչի խօսքը , եթէ փոքր հասակէն սկսեալ ան չսորվի դպրոցին մէջ: Ու յետոյ մեծնալով` նա կրթուած մայր կ՛ըլլայ եւ կը կրթէ իր զաւակները»:
Առաքինի հայ կնոջ գինը գոհարներէն շատ աւելի թանկ է:
Գոհարը ճառագայթող դաշտ կ՛ունենայ իր շուրջ, լուսաւոր ոլորտ: Առաքինի կինը գոհարներու լուսաւոր ոլորտը ունի, որ մութին եւ դժուարութեան մէջ լոյս կու տայ խաւար շրջապատը լուսաւորելու համար:
Հալէպ


