Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Ուաշինկթընի մէջ 19 մարտին նախանշուած Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրման հետ կապուած աշխատանքային խումբի նիստը:
«Մենք անհամբեր կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին եւ կ՛ուզենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Ռոպերթ Լայթիզերի գլխաւորած Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատին, որ պիտի հիւրընկալէ ամերիկեան-հայկական աշխատանքային խումբին նիստը` կառուցողական մթնոլորտի մէջ քննարկելու առեւտրական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան:



