Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց յարգելու արաբական գերիշխանութիւնը եւ իր դրացիներուն հետ իմաստութեամբ ու ողջմտութեամբ վարուելու:
Ան ընկերային ցանցերէն մէկուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ոչ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, թէ թուրք-արաբական յարաբերութիւնները լաւ չեն, եւ որպէսզի հաւասարակշռութիւնը վերականգնի, Անգարան պէտք է յարգէ արաբական գերիշխանութիւնը եւ իր մերձակայքին հետ վարուի իմաստութեամբ ու ողջմտութեամբ»:
«Արաբական գլխաւոր երկիրները քննադատելն ու վարչակարգերը բռնի ուժով փոխել ջանացող շարժումներուն աջակցիլը դրացիներու նկատմամբ ողջմիտ ուղղուածութիւն չէ: Անգարայէն կը պահանջենք նկատի ունենալ արաբական երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ զայն յարգել», աւելցուց ան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց. «Արաբական աշխարհը իր դրացի երկիրներէն պիտի չղեկավարուի եւ անոր ներկայ կացութիւնը մնայուն պիտի չըլլայ: Դրացի երկիրները արաբներուն հետ գործ ունենալու ընթացքին պէտք է իրականութիւններն ու առասպելները իրարմէ զատորոշեն»:



