Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք-Հոլանտական Ճգնաժամի Միամեակի Շեմին Թուրք Քաղաքական Գործիչին Արգիլած Են Խօսք Արտասանել Հոլանտայի Մէջ

March 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոլանտան դարձեալ թուրք քաղաքական գործիչի մը չէ արտօնած խօսք արտասանել տեղւոյն թուրք համայնքին առջեւ: «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս անգամ արգելքին թիրախն էր  Այնթապի քաղաքապետ Ֆաթմա Շահինը:

Աղբիւրը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ այս որոշումը տրուած է ճիշդ այն ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջացաւ անցեալ տարի Հոլանտայի մէջ թուրք նախարարներու նախընտրական խօսքերու արգիլման պատճառով ծագած թուրք-հոլանտական քաղաքական ճգնաժամի միամեակը:

Կը նշուի, որ Շահին շաբաթ օր պէտք էր հոլանտաբնակ թուրք կիներու հետ հանդիպում ունենար արեւելեան Հոլանտայի մէջ գտնուող Տեւենթեր քաղաքի մզկիթներէն մէկուն մէջ:

Կին քաղաքական գործիչի ելոյթին համար անհրաժեշտ արտօնութիւնը չտրամադրելու մասին լուրը հաստատած է նաեւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութեան մէջ, սակայն, որոշումին դրդապատճառներուն եւ մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդած:

Յիշեցնենք, որ 11 մարտ 2017-ին Հոլանտայի վարչապետը չէր արտօնած, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի օդանաւը էջք կատարէ Ռոթերտամի մէջ, ուր ան մտադիր էր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին նիւթով հանրահաւաք կատարել տեղւոյն թուրքերուն հետ:

Հակառակ յայտարարուած արգելքին, նոյն նպատակով, սակայն ցամաքային ճամբով Հոլանտա մեկնած էր Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայան, որուն ինքնաշարժը կանգնեցուցած էին Հոլանտայի ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցները` չարտօնելով յառաջ շարժիլ:

Ապա Հոլանտայի իշխանութիւնները զայն «անբաղձալի անձ» յայտարարած էին եւ արտաքսած երկրէն:

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ Արձանագրած Է Չորս Երկիրներու, Ներառեալ Վրաստանի Եւ Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Ձգտումները

Յաջորդը

Չինաստան Կը Վերցնէ Նախագահի Պաշտօնավարման Ժամկէտի Սահմանափակումները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.