ՕԹԱՆ արձանագրած է, որ այս պահուս չորս երկիրներ` Վրաստանը, Ուքրանիան, Պոսնիան եւ Մակեդոնիան յայտարարած են ՕԹԱՆ-ին միանալու իրենց ձգտումին մասին:
Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին Պրիւքսելի մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը պիտի նպաստէ դաշինքի կայունութեան ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Մարկվելաշվիլի ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ, մեկնաբանելով ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու թեկնածու երկիր ճանչցուելու յայտարարութիւնը, ըսած է, թէ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ Ուքրանիոյ լիարժէք անդամակցութիւնը դաշինքին:
Թեկնածու երկիրներ կը նկատուին այն պետութիւնները, որոնք յայտարարած են ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու իրենց ցանկութեան մասին: Այդպիսի կարգավիճակը ՕԹԱՆ-ի վրայ ոչ մէկ պարտաւորութիւն կը դնէ:
ՕԹԱՆ-ին միանալու յաջորդ քայլը Անդամակցութեան գործողութիւններու ծրագիրն է, որ ունին նշուած երկիրներէն երկուքը` Պոսնիան եւ Մակեդոնիան:



