Հանդիպում` Շահանդուխտին Հետ
Երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ե. կարգի աշակերտները գեղեցիկ առիթը ունեցան ծանօթանալու լիբանանահայ կարկառուն դէմքերէն` ուսուցիչ, գրագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր Շահանդուխտին հետ:
Աշակերտներուն համար իւրայատուկ եւ հետաքրքրական երեւոյթը այն էր, որ պիտի ծանօթանային «ապրող գրողի մը», պիտի խօսէին անոր հետ եւ իր կեանքէն վկայութիւններ պիտի քաղէին:
Հանդիպումը կայացաւ գրագիտուհիին բնակարանը, ուր աշակերտները ջերմ եւ մտերմիկ ընդունելութեան արժանացան: Անոնք աչալրջութեամբ, ակնածանքով, միաժամանակ մեծ հաճոյքով կը լսէին իրենց ուղղած հարցումներուն պատասխանները: Իսկ Շահանդուխտ, խորապէս յուզուած, մեծ համբերութեամբ ու գուրգուրանքով կը խօսէր անոնց հետ:
Իր խօսքին մէջ Շահանդուխտ շեշտը դրաւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ, խրատեց աշակերտները, որ սորվին ու սիրեն մեր ոսկեղինիկը, հպարտօրէն մաքրամաքուր հայերէն խօսին ու նախանձախնդիր ըլլան զայն պահպանելու, դառնան անոր արթուն պահակները, որովհետեւ մեր լեզուն մեզ հայ պահող հիմնական կռուանն է:
Իսկ երբ իրեն հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնան իրեն պէս գրողներ դառնալ, երբ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր արհեստագիտութիւնը կը գերազանցէ ամէն բանի, ան պատասխանեց. «Մի՛ վախնաք քննադատուելէ, այլ ինքնավստահ եղէք, նախապէս ծրագրեցէ՛ք ձեր գրելիքը, ապա պիտի տեսնէք, որ ամէն բան հեզասահ պիտի ընթանայ: Մեծ թիւով գիրքեր կարդացէ՛ք, ձեր լեզուն զարգացուցէ՛ք: Ձեր շարադրութիւնները ուշադրութեամբ գրեցէ՛ք, ձեր առօրեայէն գրեցէ՛ք, նոյնիսկ եթէ այսօր ընթերցողներուն թիւը նուազած է…»:
Զրոյցի ընթացքին ան աւելցուց նաեւ, որ աշակերտները սիրեն իրենց դպրոցը, յարգեն իրենց ուսուցիչները, ականջալուր ըլլան անոնց խրատներուն, նախանձախնդիր ըլլան իրենց ջամբուած գիտութեան, սիրեն ու յարգեն իրենց ծնողները, սիրեն զիրար, չնախանձին իրարմէ, իրարու հետ հաշտ ապրին, միշտ ներող ըլլան եւ իրարմէ ներողութիւն խնդրելու քաջութիւնը ունենան, որպէսզի ապագային պատուաբեր մարդիկ, պատուաբեր հայեր դառնան:
Շահանդուխտ չմոռցաւ նաեւ թելադրելու, որ աշակերտները իրենց քայլերը յաճախ եկեղեցի ուղղեն, միշտ մօտ ըլլան Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ, որպէսզի իրենց բոլոր գործերը Աստուծոյ օրհնութեամբ յաջողութեամբ պսակուին:
Հանդիպման աւարտին աշակերտները ասմունքեցին Շահանդուխտի յօրինած «Ուսուցիչ հայոց» բանաստեղծութիւնը: Իսկ Շահանդուխտ շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ նախաձեռնող ուսուցիչներուն, որոնք այս գեղեցիկ հանդիպումը ծրագրեցին եւ իրագործեցին, ապա իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց իր գիրքերէն:
Աշակերտները լիցքաւորուած եւ իրենց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ անմոռանալի եւ քաղցր յիշատակներ դրոշմած` վերադարձան դպրոց:
Բուն Բարեկենդանի Նշում
Շաբաթ, 17 փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած «Բուն բարեկենդան»-ի երեկոն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Ծովիկ Գէորգեանը, որ բարի գալուստ ու հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն, որոնք մեծ սիրով պատրաստած էին պարահանդէսի ճաշերը:
Ապա քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան խօսք առնելով` գոհունակութիւն յայտնեց, որ քոլեճին բարեկամները իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացած են ձեռնարկին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի տիկիններուն, որոնք մեծ սիրով թէ՛ կազմակերպած էին ձեռնարկը եւ թէ՛ պատրաստած` ճաշերը: Բարեկենդանի տօնին անդրադառնալով` տնօրէնը մաղթեց, որ ընտանիքները գիտակցին հայկական աւանդութիւններու պահպանման կարեւորութեան, եւ տուներուն մէջ եւս ընտանիքները հաւաքուին Բարեկենդանի սեղաններուն շուրջ:
Տնօրէնը իր խօսքի աւարտին յայտարարեց նաեւ, որ քոլեճի 2017-2018 կրթական տարեշրջանին կրթաթոշակները յաւելում պիտի չարձանագրեն:
Օրուան անակնկալն էր «Քամի» խումբը, որ իր հայկական պարերով ճոխացուց երեկոն:
Հանրայայտ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան ճոխ երգերով խանդավառեց երեկոն: Մթնոլորտէն խանդավառուած` ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, եւ երեկոն իր լրումին հասաւ ազգային երգերով:





